ԵՐԵՄԵԱՅ
Գլուխ 48
Մովաբին վրայով զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. «Վա՜յ Նաբաւին, վասն զի աւերուեցաւ. Կարիաթեմը ամչցաւ ու առնուեցաւ. Մասգաբը ամչցաւ ու զարհուրեցաւ։
2 Մովաբը ա՛լ պիտի չպարծի։ Եսեբոնի մէջ անոր վրայ չարիք խորհեցան ու ըսին. ‘Եկէ՛ք, զանիկա ազգ ըլլալէ դադրեցնենք’։ Դո՛ւն ալ, ո՛վ Մադմէն, լռութեան պիտի դատապարտուիս, Քու ետեւէդ սուր կու գայ։
3 Որոնայիմէն աղաղակի ձայն կու գայ. ‘Աւերում ու մեծ կոտորած կայ’։
4 Մովաբ կործանուեցաւ, Անոր պզտիկ տղաքները աղաղակ բարձրացուցին։
5 Քանզի Ղուիթի զառիվերէն Մեծ լացով պիտի ելլեն. Քանզի Որոնայիմի զառիվարէն Թշնամիները կոտորածի աղաղակ լսեցին։
6 Փախէ՛ք, ձեր անձը ազատեցէ՛ք Եւ անապատին մէջի մոշային պէս եղէ՛ք։
7 Քանզի քու գործերուդ ու գանձերուդ ապաւինելուդ համար՝ Դուն ալ պիտի առնուիս Եւ Քամովսը գերութեան պիտի երթայ Իր քուրմերով ու իր իշխաններով մէկտեղ։
8 Եւ ամէն քաղաքի վրայ կործանողը պիտի գայ Ու քաղաք մը պիտի չազատի. Հովիտը պիտի կորսուի ու դաշտը պիտի աւերուի, Ինչպէս Տէրը ըսաւ։
9 «Մովաբին թեւեր տուէ՛ք, որպէս զի թռչելով փախչի, Քանզի անոր քաղաքները ամայի պիտի ըլլան՝ բնակիչ չունենալով։
10 «Տէրոջը գործը նենգութեամբ կատարողը անիծեալ ըլլայ Ու իր սուրը արիւնէն խնայողը անիծեալ ըլլայ։
11 «Մովաբ իր տղայութենէն ի վեր հանգստութեան մէջ էր, Գինիի պէս իր մրուրին վրայ կը նստէր, Ամանէ աման չթափուեցաւ, Գերութեան չգնաց. Անոր համար իր համը իր մէջ մնաց Ու հոտը չփոխուեցաւ։
12 «Բայց ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ փոխադրողներ պիտի ղրկեմ Զանիկա պիտի փոխադրեն, Անոր ամանները պիտի պարպեն, Տիկերը կտոր կտոր պիտի ընեն։
13 Մովաբը Քամովսէն պիտի ամչնայ, Ինչպէս Իսրայէլին տունը իր ապաւինած Բեթէլէն ամչցաւ։
14 «Ի՞նչպէս կ’ըսէք թէ ‘Մենք կտրիճներ ենք Ու պատերազմի համար զօրաւոր մարդիկ ենք’։
15 Մովաբը աւերուեցաւ եւ անոր քաղաքները այրուեցան Ու անոր ընտիր երիտասարդները մորթուելու տարուեցան, Կ’ըսէ այն Թագաւորը, որուն անունը Զօրքերու Տէր է։
16 Մովաբին կորուստը գալու մօտ է Եւ անոր պատուհասը խիստ կ’որոտայ։
17 Ո՛վ անոր բոլորտիքը եղողներ, ամէնքդ անոր վրայ ողբացէ՛ք Ու ըսէք դուք՝ որ անունը գիտէք. ‘Զօրութեան գաւազանը, փառքի ցուպը, Ի՜նչպէս կոտրեցաւ’։
18 «Ով Դեբոնի մէջ բնակող աղջիկ, Փառքէն իջիր ու չոր գետնի վրայ նստէ՛. Վասն զի Մովաբը կործանողը քու վրադ պիտի ելլէ Եւ քու պարիսպներդ պիտի աւերէ։
19 Ճամբուն վրայ կայնէ ու դիտէ, Ո՛վ Արոէրի բնակիչ, Փախչողին ու ազատողին հարցուր Ու ըսէ՛ թէ՝ ‘Ի՞նչ եղաւ’։
20 Մովաբը ամչցաւ, վասն զի կոտրեցաւ. Ողբա՛ ու աղաղակէ՛. Մովաբին աւրուիլը Առնոնի մէջ պատմեցէ՛ք։
21 «Դաշտային երկրին, Քօղօնի, Յասսայի ու Մեփայաթի վրայ դատաստան եկաւ,
22 Նաեւ Դեբոնի, Նաբաւի, Բեթդէբլաթեմի,
23 Կարիաթեմի եւ Բեթգամովղի, Բեթմաւոնի,
24 Կարիօթի, Բօսրայի Ու Մովաբի երկրին բոլոր քաղաքներուն վրայ, Թէ՛ հեռաւոր եւ թէ՛ մօտաւոր։
25 Մովաբին եղջիւրը կոտրուեցաւ Ու բազուկը բեկանուեցաւ», կ’ըսէ Տէրը։
26 Զանիկա գինովցուցէ՛ք, Վասն զի Տէրոջը դէմ հպարտացաւ։ Մովաբ թող իր փսխունքին մէջ թաւալի Եւ ինքն ալ ծաղրանքի առարկայ ըլլայ։
27 Միթէ Իսրայէլ քեզի ծաղրանքի առարկայ չեղա՞ւ. Անիկա գողերո՞ւ մէջ գտնուեցաւ, Երբ դուն անոր վրայով կը խօսէիր, գլուխ կը շարժէիր։
28 «Ո՛վ Մովաբի բնակիչներ, Քաղաքները թողուցէ՛ք, ծերպերու մէջ բնակեցէ՛ք։ Փոսի բերնին քովերը իր բոյնը շինող աղաւնիին պէս եղէ՛ք»։
29 Մովաբին ամբարտաւանութիւնը լսեցինք. Անիկա խիստ ամբարտաւան է։ Անոր հպարտութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, յոխորտանքը Ու սրտին գոռոզութիւնը լսեցինք։
30 «Ես անոր ամբարտաւանութիւնը գիտեմ, կ’ըսէ Տէրը, Բայց պարապ է. Անոր սնապարծ խօսքերը պարապ պիտի ելլեն»։
31 Ուստի Մովաբին համար պիտի ողբամ ու աղաղակեմ։ Կիրհարէսի մարդոցը համար սուգ պիտի բռնուի։
32 Ո՛վ Սեբամայի որթատունկ, քու վրայ Յազերի լացովը պիտի լամ. Քու շառաւիղներդ ծովէն անցնելով Մինչեւ Յազերի ծովը հասեր էին։ Քու ամառնային պտուղիդ վրայ եւ այգեկութիդ վրայ աւարառուն ինկաւ։
33 Ու պտղաբեր արտերէն եւ Մովաբի երկրէն Ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը պիտի վերնան։ Հնձաններէն գինին դադրեցուցի. Ցնծութեամբ խաղող պիտի չկոխուի Ու ցնծութեան ձայն պիտի չլսուի։
34 «Եսեբոնին աղաղակը մինչեւ Եղէաղէ, Մինչեւ Յասսա ձայն տուաւ, Երեք տարեկան երինջի պէս, Սեգովրէն մինչեւ Որոնայիմ. Քանզի Նեմերիմին ջուրերը անգամ աւրուեցան։
35 Մովաբին բարձր տեղը ողջակէզ մատուցանողը Ու իր աստուածներուն խունկ ծխողը Պիտի վերցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
36 Այս պատճառով իմ սիրտս Մովաբին համար սրինգներու պէս պիտի հնչէ Ու Կիրհարէսին մարդոցը համար ալ իմ սիրտս սրինգներու պէս պիտի հնչէ. Վասն զի անոնց ստացած հարստութիւնը կորսուեցաւ։
37 «Քանզի ամէն գլուխ կնտակ պիտի ըլլայ Եւ ամէն մօրուք պիտի կտրուի Ու ամէն ձեռքի վրայ կտրածներ պիտի ըլլան Եւ ամէն մէջքի վրայ քուրձ պիտի ըլլայ։
38 Մովաբի բոլոր տանիքներուն վրայ Ու անոր փողոցներուն մէջ միայն կոծ պիտի ըլլայ, Վասն զի Մովաբը կոտրեցի այնպիսի ամանի մը պէս, Որով ո՛չ ոք կը մտահոգուի, կ’ըսէ Տէրը։
39 ‘Ի՜նչպէս կոտրեցաւ Մովաբը, Ի՜նչպէս ամօթով կռնակ դարձուց’, պիտի ըսեն ու ողբան։ Մովաբ ամէն իր բոլորտիքը եղողներուն՝ Խայտառակութեան ու սոսկումի պատճառ պիտի ըլլայ»։
40 Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա թշնամին արծիւի պէս պիտի թռչի Ու իր թեւերը Մովաբին վրայ պիտի տարածէ։
41 Քաղաքները կ’առնուին՝ ՝ Եւ բերդերը կը նուաճուին Ու այն օրը Մովաբի զօրաւորներուն սիրտը Իր երկունքին մէջ եղող կնոջ սրտին պէս պիտի ըլլայ։
42 Եւ Մովաբ ժողովուրդ ըլլալէ պիտի դադրի, Վասն զի Տէրոջը դէմ հպարտացաւ։
43 ‘Ով Մովաբի բնակիչ, Քու առջեւդ վախ, գուբ ու որոգայթ կայ’, կ’ըսէ Տէրը։
44 ‘Վախէն փախչողը գուբը պիտի իյնայ Եւ գուբէն ելլողը որոգայթի մէջ պիտի բռնուի. Քանզի անոր վրայ, Մովաբի վրայ, Անոնց պատուհասի տարին պիտի բերեմ’, կ’ըսէ Տէրը։
45 «Ուժէն փախչողները՝ ՝ Եսեբոնի հովանիին տակ կայնեցան. Բայց Եսեբոնէն կրակ Ու Սեհոնի մէջէն բոց ելաւ Եւ Մովաբին ծայրը Ու աղաղակողներուն գագաթը կերաւ։
46 Վա՜յ քեզի, Մովաբ, Քամովսի ժողովուրդը կորսուեցաւ. Քանզի քու տղաքներդ գերի առնուեցան Ու աղջիկներդ՝ գերութեան։
47 Բայց վերջին օրերը Մովաբը գերութենէ պիտի դարձնեմ», կ’ըսէ Տէրը։ Մովաբին դատաստանը մինչեւ հոս է։