ՂՈԻԿԱՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 4

Յիսուս Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ Յորդանանէն դարձաւ ու Հոգիէն անապատը տարուեցաւ,
2 Ուր քառասուն օր Սատանայէն փորձուեցաւ։ Այն օրերը բան մը չկերաւ։ Այն օրերը լմննալէն յետոյ անօթեցաւ։
3 Սատանան ըսաւ անոր. «Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, ըսէ այդ քարին, որ հաց ըլլայ»։
4 Յիսուս պատասխան տուաւ անոր ու ըսաւ. «Գրուած է թէ՝ ‘Ո՛չ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա Աստուծոյ ամէն խօսքովը’»։
5 Սատանան բարձր լեռ մը հանելով զանիկա, աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ցուցուց անոր վայրկեանի մը մէջ
6 Եւ ըսաւ անոր. «Այս ամէն իշխանութիւնը ու անոնց փառքը քեզի պիտի տամ. վասն զի ինծի յանձնուած է եւ որու որ ուզեմ՝ կու տամ զանիկա,
7 Ուստի եթէ դուն իմ առջեւս իյնաս երկրպագութիւն ընես, ամէնքը քուկդ պիտի ըլլան»։
8 Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’»։
9 Սատանան Յիսուսը տարաւ Երուսաղէմ ու տաճարին աշտարակին վրայ կայնեցուց ու ըսաւ անոր. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, քեզ ասկէ վար ձգէ.
10 Վասն զի գրուած է թէ՝ ‘Իր հրեշտակներուն պիտի ապսպրէ քեզի համար, որ քեզ պահեն.
11 Ու ձեռքերնուն վրայ պիտի վերցնեն քեզ, որ չըլլայ թէ ոտքդ քարի զարնես’»։
12 Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Ըսուած է թէ Քու Տէր Աստուածդ չփորձես»։
13 Ու երբ Սատանան ամէն փորձութիւնը կատարեց՝ ատեն մը ետ կեցաւ անկէ։
14 Յիսուս Հոգիին զօրութիւնովը Գալիլիա դարձաւ ու անոր համբաւը այն գաւառին բոլոր կողմերը տարածուեցաւ։
15 Ինք անոնց ժողովարաններուն մէջ կը սորվեցնէր ու ամենէն կը փառաւորուէր։
16 Երբ եկաւ Նազարէթ, ուր ինք մեծցած էր, իր սովորութեանը պէս շաբաթ օրը մտաւ ժողովարանը ու ելաւ որ կարդայ։
17 Տուին անոր Եսայի մարգարէին գիրքը։ Երբ գիրքը բացաւ, գտաւ այն տեղը՝ ուր գրուած էր.
18 «Տէրոջը Հոգին իմ վրաս է. վասն զի զիս օծեց աղքատներուն աւետարան քարոզելու, զիս ղրկեց կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու,
19 Գերիներուն ազատութիւն եւ կոյրերուն տեսութիւն քարոզելու, հարստահարութիւն կրողները ազատելու, Տէրոջը ընդունելի տարին քարոզելու»։
20 Եւ գիրքը գոցելով՝ տուաւ սպասաւորին ու նստաւ։ Ժողովարանը եղողներուն ամէնքը աչքերնին տնկած անոր կը նայէին։
21 Սկսաւ անոնց ըսել. «Այսօր այս գրուածը կատարուեցաւ ու ձեր ականջները լսեցին»։
22 Ամէնքը անոր համար կը վկայէին ու կը զարմանային անոր բերնէն ելած շնորհալի խօսքերուն վրայ ու կ’ըսէին. «Ասիկա Յովսէփին որդին չէ՞»։
23 Ըսաւ անոնց. «Իրաւ դուք ինծի պիտի ըսէք այս առակը. ‘Բժիշկ, քու անձդ բժշկէ։ Որչափ բաներ լսեցինք որ Կափառնայումի մէջ եղան, հոս ալ ըրէ քու քաղաքիդ մէջ’»։
24 Յիսուս ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ՝ Մարգարէ մը իր քաղաքին մէջ ընդունելի չէ։
25 Արդարեւ կ’ըսեմ ձեզի, թէ՝ շատ որբեւարիներ կային Եղիային օրերը Իսրայէլի մէջ, երբ երեք տարի ու վեց ամիս երկինք գոցուեցաւ, այնպէս որ մեծ սով եղաւ բոլոր երկրին մէջ.
26 Բայց Եղիա անոնցմէ մէկո՛ւն չղրկուեցաւ, հապա միայն Սիդոնացիներու Սարեփթա քաղաքին մէջ որբեւարի կնոջ մը։
27 Շատ բորոտներ կային Իսրայէլի մէջ Եղիսէ մարգարէին ատենը ու անոնցմէ մէ՛կը չմաքրուեցաւ, հապա միայն Նէեման Ասորին»։
28 Ժողովարանին մէջ ամէնքն ալ բարկութիւնով լեցուեցան՝ երբ այս խօսքերը լսեցին
29 Ու ելան զանիկա քաղաքէն դուրս հանեցին ու տարին զանիկա մինչեւ այն լերան ցցուած ծայրը, որուն վրայ իրենց քաղաքը շինուած էր, որպէս զի զանիկա բարձր տեղէն վար ձգեն։
30 Բայց ինք անոնց մէջէն անցաւ գնաց։
31 Իջաւ Գալիլիայի Կափառնայում քաղաքը ու շաբաթ օրերը կը սորվեցնէր անոնց։
32 Բոլորը կը զարմանային անոր վարդապետութեանը վրայ, վասն զի իշխանութիւնով էր անոր խօսքը։
33 Ժողովարանին մէջ մարդ մը կար, որ պիղծ դեւի ոգի ունէր, որը մեծ ձայնով մը աղաղակեց, ըսելով.
34 «Թո՛ղ տուր, դուն մեզի հետ ի՞նչ բան ունիս, Յիսուս Նազովրեցի. միթէ մեզ կորսնցնելո՞ւ եկար. գիտեմ ո՛վ ես, Աստուծոյ Սուրբը»։
35 Յիսուս սաստեց զայն՝ ըսելով. «Պապանձէ ու ե՛լ ատկէ»։ Ու դեւը զանիկա ներկայ գտնուողներուն մէջտեղը գետինը զարկաւ եւ ելաւ անկէ ու վնաս մը չտուաւ անոր։
36 Ամէնքը զարմացած իրարու հետ կը խօսէին ու կ’ըսէին. «Այս ի՞նչ խօսք է, որ իշխանութիւնով ու զօրութիւնով կը հրամայէ պիղծ ոգիներուն ու կ’ելլեն»։
37 Եւ անոր համբաւը տարածուեցաւ շրջակայ գաւառին բոլոր կողմերը։
38 Ժողովարանէն ելլելով՝ Սիմոնին տունը մտաւ։
39 Սիմոնին զոքանչը սաստիկ ջերմով կը տանջուէր։ Անոր համար աղաչեցին իրեն։
40 Եւ Յիսուս անոր քով կայնելով՝ սաստեց ջերմը, որը թողուց զանիկա։ Կինը շուտ մը ելաւ ու անոնց սպասաւորութիւն կ’ընէր։
41 Արեւին մարը մտած ատենը՝ ամէն անոնք որ տեսակ տեսակ ցաւերով հիւանդներ ունէին, իրեն բերին զանոնք։ Ինք ալ ամէն մէկուն վրայ ձեռք դնելով՝ բժշկեց զանոնք։
42 Դեւեր ալ կ’ելլէին շատերէն, կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Դուն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին»։ Բայց ինք կը սաստէր ու թող չէր տար անոնց որ խօսին, վասն զի գիտէին թէ ինք Քրիստոսն է։
43 Երբ ցորեկ եղաւ, ելաւ ու գնաց անապատ տեղ մը եւ ժողովուրդները կը փնտռէին զանիկա։ Եկան անոր քով ու կը ստիպէին որ ան իրենցմէ չերթայ.
44 Բայց անիկա ըսաւ անոնց. «Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ»։
45 Ու Գալիլիայի ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր։