ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27


Գլուխ 1

Տէրը կանչեց Մովսէսը վկայութեան խորանէն անոր ըսաւ.
2 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց՝ ‘Եթէ ձեզմէ մէկը անասուններէն ընծայ մատուցանելու ըլլայ Տէրոջը, ձեր ընծան արջառներէն կամ հօտերէն մատուցանեցէք’։
3 «Եթէ անոր ընծան արջառներէն ողջակէզ է, արու անարատ պէտք է մատուցանէ ու վկայութեան խորանին դրանը քով թող մատուցանէ զայն, Տէրոջը առջեւ ընդունելի ըլլալու համար։
4 Իր ձեռքը ողջակէզին գլխուն վրայ թող դնէ՛, որպէս զի այն իրեն քաւութիւն ըլլալու համար ընդունելի ըլլայ։
5 Զուարակը թող մորթէ Տէրոջը առջեւ ու Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ արիւն թող մատուցանեն եւ վկայութեան խորանին դրանը քով եղած սեղանին վրայ շուրջանակի սրսկեն արիւնը։
6 Ողջակէզին մորթը թող հանէ՛ ու կտոր կտոր ընէ՛ ողջակէզը։
7 Ահարոն քահանային որդիները սեղանին վրայ կրակ թող դնեն ու կրակին վրայ փայտեր շարեն։
8 Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ սեղանը եղած կրակին վրայ փայտերուն վրայի պէտք է շարեն կտորները, գլուխը ու ճարպը.
9 Բայց անոր փորոտիքն ու ոտքերը ջրով պէտք է լուայ եւ քահանան բոլորը պէտք է այրէ սեղանին վրայ, ողջակէզ ու Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ընելու համար։
10 Եթէ անոր ողջակէզի ընծան հօտերէն, այսինքն ոչխարներէն կամ այծերէն է, արու անարատ պէտք է մատուցանէ։
11 Պիտի մորթէ զանիկա Տէրոջը առջեւ՝ սեղանին հիւսիսային կողմը։ Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ սեղանին վրայ շուրջանակի թող սրսկեն անոր արիւնը։
12 Կտոր կտոր ընէ զայն գլխովը ու ճարպովը եւ քահանան սեղանը եղած կրակին վրայի փայտերուն վրայ շարէ զանոնք։
13 Փորոտիքը ու ոտքերը ջրով լուայ։ Քահանան բոլորը թող բերէ ու սեղանին վրայ այրէ։ Ասիկա ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ մըն է Տէրոջը։
14 Եւ եթէ ողջակէզի համար Տէրոջը մատուցանուելիք ընծան թռչուններէն է, այն ատեն անիկա իր ընծան տատրակներէն կամ աղաւնիի ձագերէն թող մատուցանէ։
15 Եւ քահանան սեղանին մօտ բերէ զայն ու անոր գլուխը փրցնէ եւ սեղանին վրայ այրէ ու անոր արիւնը սեղանին մէկ քովը քամուի։
16 Եւ անոր կտնառքը ու աղբը թող զատէ եւ սեղանին արեւելեան կողմը եղած մոխրանոցը նետէ։
17 Եւ զանիկա թեւերէն պատռէ առանց զատելու ու քահանան այրէ զանիկա սեղանին վրայ, կրակին վրայի փայտերուն վրայ։ Ասիկա ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ է Տէրոջը։