Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 15

Անկէ ետքը Աբիսողոմ իրեն համար կառքեր, ձիեր ու իր առջեւէն վազող յիսուն սուրհանդակ մարդ պատրաստեց։
2 Աբիսողոմ կանուխ կ’ելլէր ու դրանը ճամբուն մէկ կողմը կը կայնէր, ամէն դատ ունեցող ու դատաստանի համար թագաւորին եկող ամէն մարդ կը կանչէր ու կ’ըսէր. «Դուն ո՞ր քաղաքէն ես»։ Երբ անիկա ‘Ծառադ Իսրայէլի ցեղերէն եմ’, ըսէր,
3 Աբիսողոմ անոր կ’ըսէր. «Նայէ՛, քու դատդ բանաւոր եւ ուղիղ է, բայց թագաւորին կողմէ քեզի մտիկ ընող չկայ»։
4 Աբիսողոմ կ’ըսէր. «Երանի՜ թէ զիս այս երկրին վրայ դատաւոր դնէին ու ամէն վէճ կամ դատ ունեցող մարդ ինծի գար եւ անոր իրաւունք ընէի»։
5 Երբ մարդ մը մօտենար անոր խոնարհութիւն ընելու, անիկա ձեռքը կ’երկնցնէր, զանիկա կը բռնէր ու կը համբուրէր։
6 Աբիսողոմ դատաստանի համար թագաւորին եկող բոլոր Իսրայէլին այսպէս ընելով, Իսրայէլի մարդոց սիրտը իրեն դարձուց՝ ՝։
7 Քառասուն տարին լմննալէն ետքը Աբիսողոմ ըսաւ թագաւորին. «Շնորհք ըրէ, երթամ ու Տէրոջը ըրած ուխտս Քեբրոնի մէջ կատարեմ։
8 Քանզի ծառադ երբ Ասորիներուն Գեսուրը կը բնակէի, ուխտ ըրի ու ըսի. ‘Եթէ Տէրը զիս Երուսաղէմ դարձնէ, Տէրոջը ծառայութիւն ընեմ’»։
9 Թագաւորը անոր ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ»։ Անիկա ելաւ Քեբրոն գնաց։
10 Աբիսողոմ Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն լրտեսներ ղրկեց ու ըսաւ. «Փողին ձայնը լսելնուդ պէս՝ ‘Աբիսողոմ Քեբրոնի մէջ թագաւոր եղաւ’, ըսէք»։
11 Աբիսողոմին հետ Երուսաղէմէն երկու հարիւր մարդ գնաց՝ հրաւիրուած։ Անոնք միամտութեամբ գացին ու ամենեւին բան մը չէին գիտեր։
12 Աբիսողոմ զոհ ըրած ատենը՝ Դաւիթին խորհրդակիցը, Գեղոնացի Աքիտոփէլը, իր Գեղոն քաղաքէն կանչել տուաւ։ Դաւաճանութիւնը զօրացաւ ու ժողովուրդը երթալով կը շատնար Աբիսողոմին քով։
13 Դաւիթին լրաբեր մը եկաւ ու ըսաւ. «Իսրայէլի մարդոց սիրտը Աբիսողոմին հետ մէկ՝ ՝ եղաւ»։
14 Այն ատեն Դաւիթ Երուսաղէմի մէջ իրեն հետ եղող բոլոր ծառաներուն ըսաւ. «Ելէք փախչինք, քանզի Աբիսողոմին երեսէն մեզի ազատում չկայ։ Շուտ ըրէ՛ք, գացէ՛ք, չըլլայ որ անիկա շուտով մեզի հասնի ու մեր վրայ չարիք հասցնէ ու քաղաքը սուրի բերնէ անցընէ»։
15 Թագաւորին ծառաները թագաւորին ըսին. «Մեր տէր թագաւորը ինչ որ արժան համարէ, ահա իր ծառաները պատրաստ են ընելու»։
16 Թագաւորը եւ անոր ետեւէն անոր բոլոր տունը գնաց։ Թագաւորը իր հարճերէն տասը կին թողուց, որպէս զի տանը մէջ պահպանութիւն ընեն։
17 Թագաւորը ու անոր ետեւէն բոլոր ժողովուրդը գնաց։ Անոնք հեռու տեղ մը կայնեցան։
18 Անոր բոլոր ծառաներն ու բոլոր Քերեթիները եւ բոլոր Փելեթիները անոր քովէն անցան։ Անոր հետ Գէթէն եկած բոլոր Գեթացիները, վեց հարիւր մարդ, թագաւորին առջեւէն անցան։
19 Թագաւորը Գեթացի Եթթիին ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար դուն ալ մեզի հետ պիտի երթաս. դարձիր ու թագաւորին հետ նստէ, քանզի դուն օտարական ես ու եղած տեղդ պանդուխտ ես։
20 Դուն երէկ եկար ու այսօր ես քեզ տեղէդ խախտե՞մ, որպէս զի ինծի հետ երթաս։ Ահա ես կ’երթամ ուր որ պիտի երթամ, դուն դարձիր ու քու եղբայրներդ ալ դարձուր. ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը քեզի հետ ըլլան»։
21 Եթթի՝ թագաւորին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու իմ թագաւոր տէրս ալ կենդանի է, որ իմ թագաւոր տէրս ո՛ւր որ ըլլայ, թէ՛ մահուան մէջ եւ թէ՛ կենդանութեան մէջ, քու ծառադ ալ հոն պիտի ըլլայ»։
22 Դաւիթ Եթթիին ըսաւ. «Ուրեմն եկուր անցիր»։ Գեթացի Եթթի իրեն հետ եղող բոլոր մարդոցմով ու բոլոր ընտանիքներով անցաւ։
23 Բոլոր երկիրը մեծ ձայնով կու լար ու բոլոր ժողովուրդը կ’անցնէր։ Թագաւորը Կեդրոն հեղեղատէն կ’անցնէր ու բոլոր ժողովուրդը դէպի անապատին ճամբան կ’անցնէին։
24 Ահա Սադովկ ալ ու անոր հետ բոլոր Ղեւտացիները Աստուծոյ տապանակը կայնեցուցին, մինչեւ որ բոլոր ժողովուրդը քաղաքէն ելաւ լմնցաւ։ Աբիաթար զոհ կը մատուցանէր՝ ՝։
25 Թագաւորը Սադովկին ըսաւ. «Աստուծոյ տապանակը քաղաքը դարձո՛ւր. եթէ Տէրոջը առջեւ շնորհք գտնեմ, այն ատեն զիս ետ պիտի դարձնէ, զանիկա ու անոր բնակարանը ինծի պիտի ցուցնէ,
26 Բայց եթէ ինծի այսպէս ըսէ՝ ‘Քեզի չեմ հաւնիր’, ահա ես կայներ եմ. իր աչքին հաճոյ երեւցածին պէս թող ընէ ինծի»։
27 Թագաւորը Սադովկ քահանային ըսաւ. «Դուն տեսանող չե՞ս. խաղաղութեամբ քաղաքը դարձիր ու քու որդիդ Աքիմաաս ու Աբիաթարի որդին Յովնաթան, ձեր երկու որդիները, ձեզի հետ։
28 Ահա ես անապատին դաշտերուն մէջ պիտի սպասեմ, մինչեւ որ ձեզմէ լուր մը առնեմ»։
29 Սադովկ ու Աբիաթար Աստուծոյ տապանակը Երուսաղէմ դարձուցին ու հոն մնացին։
30 Դաւիթ Ձիթենեաց լեռնէն վեր կ’ելլէր ու կու լար։ Գլուխը ծածկեր էր ու բոկոտն կը քալէր։ Անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդն ալ, ամէնքը իրենց գլուխը ծածկեր էին ու լալով կ’ելլէին։
31 Դաւիթին պատմեցին ու ըսին. «Աքիտոփէլ Աբիսողոմին հետ դաւաճանութիւն ընողներուն մէջ է»։ Դաւիթ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, կ’աղաչեմ, Աքիտոփէլին խորհուրդը խափանէ»։
32 Երբ Դաւիթ այն բլուրը հասաւ, ուր Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրաւ, Արաքացի Քուսի՝ հանդերձները պատռած ու գլխուն վրայ հող դրած զանիկա դիմաւորեց։
33 Դաւիթ անոր ըսաւ. «Եթէ ինծի հետ գաս, ինծի բեռ կ’ըլլաս.
34 Բայց եթէ քաղաքը դառնաս ու Աբիսողոմին ըսես՝ ‘Ո՛վ թագաւոր, ես քու ծառադ պիտի ըլլամ. առաջ քու հօրդ ծառան էի ու հիմա քու ծառադ եմ’, այն ատեն Աքիտոփէլին խորհուրդը կրնաս ցրուել։
35 Սադովկ ու Աբիաթար քահանաները հոն քեզի հետ են ու թագաւորին տունէն ինչ որ լսես, Սադովկ ու Աբիաթար քահանաներուն կրնաս պատմել։
36 Ահա հոն անոնց երկու որդիները, Սադովկի որդին Աքիմաաս ու Աբիաթարի որդին Յովնաթան, իրենց հետ են։ Ամէն լսած խօսքերնիդ անոնց միջոցով ինծի կրնաք իմացնել»։
37 Դաւիթին բարեկամը Քուսի քաղաքը մտաւ ու Աբիսողոմ ալ Երուսաղէմ մտաւ։