ԵՍԱՅԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66


Գլուխ 43

Հիմա, ո՛վ Յակոբ, քեզ ստեղծողը Ու ո՛վ Իսրայէլ, քեզ ձեւակերպող Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Մի՛ վախնար, վասն զի ես քեզ փրկեցի, Քեզ քու անունովդ կանչեցի. դուն իմս ես։
2 Երբ ջուրերէն անցնիս, ես քեզի հետ պիտի ըլլամ, Երբ գետերէն անցնիս, պիտի չընկղմիս, Երբ կրակի մէջէն քալես, պիտի չայրիս, Բոցը քեզ պիտի չբռնկեցնէ։
3 Քանզի ես՝ քու Տէր Աստուածդ՝ Իսրայէլի Սուրբը՝ քու Փրկիչդ եմ. Եգիպտոսը քեզի իբր փրկանք, Եթովպիան ու Սաբան քու տեղդ տուի։
4 Քանի որ իմ առջեւս պատուական եղար, Պատիւ գտար եւ ես քեզ սիրեցի. Անոր համար քու անձիդ փոխարէն՝ մարդ Ու քու հոգիիդ փոխարէն ժողովուրդներ պիտի տամ։
5 Մի՛ վախնար, քանզի ես քեզի հետ եմ. Քու սերունդդ արեւելքէն պիտի բերեմ Եւ քեզ արեւմուտքէն պիտի հաւաքեմ։
6 Հիւսիսին պիտի ըսեմ՝ «Տո՛ւր» Ու հարաւին՝ «Մի՛ արգիլեր». Իմ տղաքներս հեռուէն Ու աղջիկներս երկրի ծայրէն բե՛ր,
7 Այսինքն բոլոր իմ անունովս կոչուածները. Վասն զի անոնք իմ փառքիս համար ստեղծեցի, Զանոնք ձեւակերպեցի ու կազմեցի»։
8 Աչք ունեցող կոյր ժողովուրդը Ու ականջ ունեցող խուլերը հանեցէք։
9 Բոլոր ազգերը մէկտեղ թող հաւաքուին Եւ ժողովուրդները թող հաւաքուին. Անոնցմէ ո՞վ կրնայ ասիկա յայտնել Ու սկիզբի բաները մեզի գիտցնել։ Իրենց վկաները թող բերեն որպէս զի արդարանան Եւ մարդիկ լսեն ու ըսեն թէ՝ ‘Ասիկա ճշմարիտ է’։
10 «Իմ վկաներս դուք էք», կ’ըսէ Տէրը, Նաեւ իմ ընտրած ծառաս. Որպէս զի գիտնաք ու ինծի հաւատաք Եւ հասկնաք թէ ես եմ. Ինծմէ առաջ Աստուած չեղաւ Ու ինծմէ ետքն ալ պիտի չըլլայ։
11 Տէրը ե՛ս եմ, ե՛ս եմ Եւ ինծմէ ուրիշ փրկիչ չկայ։
12 Ես պատմեցի ու փրկեցի եւ գիտցուցի, Երբ ձեր մէջ օտար աստուած չկար Ու իմ վկաներս դո՛ւք էք, կ’ըսէ Տէրը, որ ե՛ս եմ Աստուած»։
13 Սկիզբէն ի վեր ես նոյնն եմ Ու չկայ մէկը, որ իմ ձեռքէս կարենայ ազատիլ. Երբ ես բան մը ընեմ, ո՞վ կրնայ զանիկա արգիլել»։
14 Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝ Ձեր Փրկիչը՝ Իսրայէլի Սուրբը. «Ձեր սիրոյն համար Բաբելոն կը ղրկեմ Եւ անոնց ամէն փախստականները Ու նաւերու մէջ աղաղակող Քաղդէացիները կ’իջեցնեմ՝ ՝։
15 Ես եմ Եհովան՝ ձեր Սուրբը, Իսրայէլի Ստեղծիչը, ձեր Թագաւորը։
16 Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, որ ծովու մէջ ճամբայ Ու զօրաւոր ջուրերու մէջ շաւիղ կը բանայ,
17 Որ կառքն ու ձին, զօրքը եւ հզօրութիւնը կը հանէ, Անոնք մէկտեղ կը պառկին ու չեն ելլեր, Անոնք պատրոյգի պէս կը մարին եւ կ’անցնին։
18 «Առաջուանները մի՛ յիշէք Ու հին բաները մտքերնիդ մի՛ բերէք։
19 Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ, որ հիմա պիտի յայտնուի։ Միթէ զանիկա պիտի չգիտնա՞ք։ Ես անապատի մէջ ալ ճամբայ պիտի բանամ Ու անջրդի երկրի մէջ գետեր պիտի բղխեցնեմ։
20 Զիս դաշտի գազանները, Չագալներն ու ջայլամները պիտի փառաւորեն, Վասն զի իմ ժողովուրդիս, իմ ընտրեալներուս, խմցնելու համար, Անապատի մէջ ջուրեր Եւ անջրդի երկրի մէջ գետեր պիտի տամ։
21 Եւ այս ժողովուրդը ինծի համար ստեղծեցի, Անոնք իմ գովութիւնս պիտի պատմեն։
22 «Բայց դուն ինծի չկանչեցիր, ո՛վ Յակոբ. Հապա ինծմէ ձանձրացար, ո՛վ Իսրայէլ։
23 Քու ողջակէզներուդ ոչխարները ինծի չբերիր Եւ քու զոհերովդ զիս չփառաւորեցիր. Ընծայի համար քեզ չաշխատցուցի, Կնդրուկի համար քեզ չյոգնեցուցի։
24 Ինծի համար ստակով խունկեղէգը ծախու չառիր, Քու զոհերուդ ճարպովը զիս չկշտացուցիր, Հապա քու մեղքերովդ զիս նեղեցիր, Քու անօրէնութիւններովդ զիս յոգնեցուցիր»։
25 «Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ քու յանցանքներդ ինծի համար կը ջնջեմ Ու քու մեղքերդ ա՛լ պիտի չյիշեմ։
26 Միտքս ձգէ՛, մէկտեղ դատի ելլենք. Դուն խօսիր, որպէս զի արդարանաս։
27 Քու նախահայրդ մեղք գործեց Եւ քու ուսուցիչներդ ինծմէ ապստամբեցան։
28 Ուստի ես ալ սրբարանին իշխանները պիղծ սեպեցի Եւ Յակոբը՝ նզովքի Ու Իսրայէլը նախատինքի մատնեցի»։