ՅՈՎԵԼԵԱՅ

1 2 3


Գլուխ 1

Տէրոջը խօսքը Փաթուէլի որդիին Յովէլին։
2 «Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ ծերեր Ու ակա՛նջ տուէք, ո՛վ երկրի բոլոր բնակիչներ, Միթէ այսպիսի բան եղա՞ծ է ձեր օրերուն մէջ, Կամ ձեր հայրերուն օրերուն մէջ։
3 Ասիկա ձեր որդիներուն պատմեցէ՛ք Ու ձեր որդիները իրենց որդիներուն Ու անոնց որդիները յետագայ ազգին թող պատմեն։
4 Ինչ որ խառնիճը թողուց՝ մարախը կերաւ, Ինչ որ մարախը թողուց՝ ջորեակը կերաւ, Ինչ որ ջորեակը թողուց՝ գրուիճը կերաւ»։
5 «Արթնցէ՛ք, ո՛վ գինովներ ու լացէ՛ք Եւ դուք ամէնքդ, ո՛վ գինի խմողներ. Սուգ բռնեցէ՛ք քաղցուին համար, Քանզի ձեր բերնէն կտրուեցաւ։
6 Վասն զի իմ երկրիս վրայ Զօրաւոր անթիւ ազգ մը ելաւ։ Անոր ակռաները առիւծի ակռաներ են Ու անիկա մատակ առիւծի ժանիքներ ունի։
7 Անիկա իմ որթատունկս աւերեց Եւ իմ թզենիս կոտրտեց։ Զանոնք բոլորովին կեղուեց ու վար ձգեց, Անոնց ճիւղերը ճերմկցուեցան։
8 Ողբ ըրէ՛ կոյսի մը պէս՝ Որ իր երիտասարդութեան էրկանը համար քուրձ հագած կ’ողբայ։
9 Հացի ընծան ու ըմպելի նուէրը Տէրոջը տունէն կտրուեցան։ Տէրոջը պաշտօնը կատարող քահանաները սուգ կը բռնեն։
10 Արտերը ամայացան, երկիրը սուգ կը բռնէ, Քանզի ցորենը աւերուեցաւ, Նոր գինին չորցաւ, իւղը պակսեցաւ։
11 Ամչցէ՛ք, ո՛վ երկրագործներ, Ողբացէ՛ք, ո՛վ այգեգործներ, Թէ՛ ցորենին համար եւ թէ՛ գարիին համար, Քանզի արտերուն բերքը փճացաւ։
12 Որթատունկը չորցաւ ու թզենին թօշնեցաւ, Նռնենին, արմաւենին, խնձորենին եւ Արտին բոլոր ծառերը չորցան. Այսպէս մարդոց որդիներէն ուրախութիւնը վերցուեցաւ։
13 Քուրձ հագէ՛ք ու ողբացէ՛ք, ո՛վ քահանաներ. Հառաչեցէ՛ք, ո՛վ խորանին պաշտօնեաներ. Եկէ՛ք, ո՛վ իմ Աստուծոյս ծառաները, Գիշերը քուրձերու մէջ անցուցէ՛ք, Քանզի հացի ընծան ու ըմպելի նուէրը Ձեր Աստուծոյն տունէն վերցուեցան։
14 Ծոմապահութեան օր որոշեցէք, Հանդիսաւոր ժողով գումարեցէ՛ք. Ծերերն ու երկրին բնակիչները Ձեր Տէր Աստուծոյն տունը հաւաքեցէք Ու Տէրոջը աղաղակեցէ՛ք։
15 Աւա՜ղ այն օրուան համար։ Քանզի Տէրոջը օրը մօտ է, Ու Ամենակարողէն եկած աւերումին պէս պիտի գայ։
16 Ահա մեր աչքին առջեւէն կերակուրը, Մեր Աստուծոյն տունէն ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը դադրեցան։
17 Հողին չոր կոշտերուն տակ սերմերը փտտեցան, Շտեմարանները պարապ մնացին, ամբարները քանդուեցան, Քանզի ցորենը խորշակահար եղաւ։
18 Ի՜նչպէս կը հեծեծեն անասունները. Արջառներուն նախիրները աստանդական կը պտըտին, Քանզի անոնց համար արօտ չկայ։ Ոչխարներուն հօտերն ալ կորսուեցան։
19 Քեզի՛ պիտի աղաղակեմ, ո՛վ Տէր, Քանզի կրակը կերաւ արօտները Ու բոցը այրեց դաշտին բոլոր մասերը։
20 Դաշտին անասուններն անգամ քեզի կը նային, Քանզի ջուրերուն վտակները ցամքեր են Ու կրակը կերեր է արօտները։