ՄԱՐԿՈՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16


Գլուխ 6

Անկէ ելլելով գնաց իր երկիրը։ Իր աշակերտները իր ետեւէն գացին։
2 Երբ շաբաթ օրը հասաւ, սկսաւ ժողովարանին մէջ սորվեցնել։ Շատեր լսելով կը զարմանային ու կ’ըսէին. «Ասիկա ուրկէ՞ ունի այս բաները եւ այս ի՞նչ իմաստութիւն է ասոր տրուած, որ այսպիսի հրաշքներ կ’ըլլան ասոր ձեռքով։
3 Ասիկա հիւսնը չէ՞։ Մարիամին որդին եւ Յակոբոսին ու Յովսէսին եւ Յուդային ու Սիմոնին եղբայրը ու ասոր քոյրերը հոս մեր քով չե՞ն»։ Անոր վրայով կը գայթակղէին։
4 Բայց Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մարգարէ մը ոեւէ տեղ անպատիւ չէ՝ բայց միայն իր երկրին, իր ազգականներուն եւ իր տանը մէջ»։
5 Ու չէր կրնար հոն հրաշք ընել, միայն քանի մը հիւանդներու վրայ ձեռք դրաւ ու բժշկեց զանոնք։
6 Ինք անոնց անհաւատութեանը վրայ կը զարմանար ու շրջակայ գիւղերը պտըտելով՝ կը սորվեցնէր։
7 Իրեն կանչեց տասներկուքը ու երկու երկու ղրկեց զանոնք ու անոնց իշխանութիւն տուաւ պիղծ ոգիներուն վրայ
8 Եւ պատուիրեց անոնց՝ որ ճամբու համար բան մը չառնեն, բայց միայն գաւազան մը. ո՛չ պարկ, ո՛չ հաց, ո՛չ ստակ՝ գօտիներուն մէջ.
9 Հապա հողաթափ հագնին. եւ «Կրկին հանդերձ մի՛ հագնիք», ըսաւ։
10 Ու աւելցուց. «Ո՛ր տուն որ մտնէք, հոն կեցէք մինչեւ անկէ ելլէք։
11 Անոնք որ ձեզ չեն ընդունիր ու ձեզի մտիկ չեն ըներ, երբ անկէ ելլէք, ոտքերնուդ տակի փոշին թօթուեցէք՝ անոնց վկայութիւն ըլլալու համար։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Սոդոմացիներուն ու Գոմորացիներուն աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը քան թէ այն քաղաքին՝ ՝»։
12 Անոնք ելլելով, կը քարոզէին որ մարդիկ ապաշխարեն։
13 Շատ դեւեր կը հանէին ու շատ հիւանդներ իւղով կ’օծէին ու կը բժշկէին զանոնք։
14 Երբ Հերովդէս թագաւորը լսեց, (քանզի անոր անունը յայտնի եղաւ,) ըսաւ. «Յովհաննէս Մկրտիչ մեռելներէն յարութիւն առեր է ու անոր համար հրաշքներ կ’ըլլան անով»։
15 Ուրիշներ կ’ըսէին. «Եղիան է». ուրիշներ ալ կ’ըսէին. «Մարգարէ մըն է, կամ մարգարէներէն մէկուն պէս»։
16 Բայց Հերովդէս կրկին ըսաւ. «Ասիկա Յովհաննէսն է, որուն գլուխը ես կտրեցի, մեռելներէն յարութիւն առեր է»։
17 Քանզի Հերովդէս ինք մարդ ղրկեց Յովհաննէսը բռնեց ու կապելով բանտը դրաւ իր եղբօրը Փիլիպպոսի կնոջ՝ Հերովդիային՝ համար, քանզի իրեն կին առեր էր զանիկա։
18 Վասն զի Յովհաննէս Հերովդէսին կ’ըսէր. «Քեզի օրինաւոր չէ քու եղբօրդ կինը առնել»։
19 Հերովդիա ոխ ունէր անոր դէմ ու կ’ուզէր զանիկա մեռցնել ու չէր կրնար.
20 Վասն զի Հերովդէս կը վախնար Յովհաննէսէն, գիտնալով թէ անիկա արդար եւ սուրբ մարդ մըն է եւ անոր բերանը կը նայէր ու անկէ լսելով՝ շատ բաներ կ’ընէր եւ քաղցրութեամբ մտիկ կ’ընէր։
21 Յարմար օր մը եկաւ՝ երբ Հերովդէս իր ծննդեան օրը՝ ընթրիք կ’ընէր իր մեծամեծներուն եւ հազարապետներուն ու Գալիլիայի երեւելիներուն հետ։
22 Հերովդիայի աղջիկը հանդէսին սրահը մտնելով պարեց ու հաճելի եղաւ Հերովդէսին եւ իրեն հետ նստողներուն։ Թագաւորը ըսաւ աղջկան. «Խնդրէ ինծմէ ինչ որ կ’ուզես ու պիտի տամ քեզի»։
23 Եւ անոր երդում ըրաւ ըսելով. «Ինչ որ դուն ինծմէ խնդրես, պիտի տամ քեզի, մինչեւ թագաւորութեանս կէսը»։
24 Աղջիկը դուրս ելլելով՝ իր մօրը հարցուց. «Ի՞նչ ուզեմ»։ Ան ալ ըսաւ. «Յովհաննէս Մկրտչին գլուխը»։
25 Շուտ մը արտորալով թագաւորին քով մտաւ ու խնդրեց՝ ըսելով. «Կ’ուզեմ որ շուտով սկուտեղի մը վրայ Յովհաննէս Մկրտչին գլուխը տաս ինծի»։
26 Թագաւորը խիստ տրտմեցաւ, բայց երդումներուն համար ու իրեն հետ նստողներուն համար չուզեց որ անոր խնդիրքը մերժէ։
27 Թագաւորը իսկոյն դահիճ մը ղրկեց ու հրաման ըրաւ Յովհաննէսին գլուխը բերել։ Ան ալ գնաց, բանտին մէջ գլխատեց զանիկա
28 Եւ սկուտեղով մը բերաւ անոր գլուխը ու տուաւ աղջկան։ Աղջիկը զանիկա իր մօրը տուաւ։
29 Յովհաննէսին աշակերտները լսելով՝ եկան անոր մարմինը վերցուցին ու գերեզմանի մէջ դրին։
30 Առաքեալները Յիսուսին քով ժողվուեցան ու պատմեցին անոր ամէն ինչ որ ըրին եւ ինչ որ սորվեցուցին։
31 Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Եկէք դուք առանձին անապատ մը եւ քիչ մը հանգչեցէք», քանզի շատեր կու գային ու կ’երթային եւ հաց ուտելու ալ ժամանակ չէին ձգեր։
32 Նաւով անապատ մը գացին՝ առանձինն։
33 Ու ժողովուրդը տեսաւ զանոնք, որ կ’երթային։ Շատեր զանիկա ճանչցան ու ոտքով բոլոր քաղաքներէն հոն կը վազէին։ Անոնցմէ առաջ հասնելով անոր քով ժողվուեցան։
34 Յիսուս, երբ դուրս ելաւ, շատ ժողովուրդ տեսնելով խղճաց անոնց վրայ, վասն զի հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս էին եւ շատ բաներ սորվեցուց անոնց։
35 Երբ ժամանակը շատ անցաւ, իր աշակերտները իրեն եկան ու ըսին. «Հոս անապատ տեղ մըն է, ժամանակը անցած է։
36 Արձակէ ժողովուրդը որպէս զի երթան բոլորտիքի ագարակները ու գիւղերը ու իրենց հաց գնեն, վասն զի ուտելու բան մը չունին»։
37 Բայց անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Դուք տուէք ատոնց որ ուտեն»։ Ըսին իրեն. «Երթանք երկու հարիւր դահեկանի հաց գնենք եւ տա՞նք ատոնց որ ուտեն»։
38 Ըսաւ անոնց. «Քանի՞ նկանակ ունիք, գացէք նայեցէ՛ք»։ Երբ իմացան՝ ըսին. «Հինգ ու երկու ձուկ»։
39 Հրաման ըրաւ անոնց՝ որ ամէնքը կանանչ խոտին վրայ գունդ գունդ նստեցնեն։
40 Դաս դաս նստան, հարիւրական, յիսունական։
41 Հինգ նկանակը ու երկու ձուկը առաւ ու դէպի երկինք նայելով՝ օրհնեց եւ մանրեց նկանակները ու տուաւ իր աշակերտներուն, որպէս զի անոնց առջեւ դնեն ու երկու ձուկը ամենուն ալ բաժնեն։
42 Ամէնքը կերան ու կշտացան,
43 Եւ տասներկու կողով լեցուն՝ կտորուանք վերցուցին եւ ձուկերէն ալ։
44 Այն հացերէն ուտողները հինգ հազարի չափ այր մարդիկ էին։
45 Շուտ մը իր աշակերտները արտորցուց որ նաւը մտնեն եւ իրմէ առաջ միւս կողմը Բեթսայիդա անցնին, մինչեւ որ ինք ժողովուրդը արձակէ,
46 Ու անոնցմէ զատուելով՝ լեռը ելաւ աղօթք ընելու։
47 Երբ իրիկուն եղաւ, նաւը ծովուն մէջտեղն էր, բայց ինք մինակ ցամաքն էր։
48 Տեսաւ զանոնք, որ կը տագնապէին հովէն թի քաշելու ատեն, վասն զի հովը իրենց դէմ էր։ Յիսուս գիշերուան չորրորդ պահուն ծովուն վրայէն քալելով գնաց անոնց։ Կ’ուզէր անոնցմէ անցնիլ։
49 Անոնք, երբ տեսան, որ ծովուն վրայէն կը քալէր, կարծեցին թէ աչքի երեւոյթ մըն է, ուստի կանչուըռտեցին.
50 Քանզի ամէնքն ալ զանիկա տեսան ու խռովեցան։ Ինք շուտ մը խօսեցաւ անոնց հետ ու ըսաւ. «Քա՛ջ եղէք, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։
51 Եւ նաւը ելաւ անոնց քով ու հովը դադարեցաւ։ Անոնք մտքերնուն մէջ չափէ դուրս ապշած էին ու կը զարմանային,
52 Վասն զի հացին վրայ եղած հրաշքը չիմացան, քանզի սրտերնին թմրած էր։
53 Միւս կողմը անցնելով՝ Գեննեսարէթի երկիրը հասան ու նաւը տեղաւորեցին։
54 Երբ նաւէն ելան, այն տեղի մարդիկը իսկոյն ճանչցան զանիկա
55 Եւ ասդին անդին վազեցին բոլոր շրջակայքը։ Սկսան մահիճներով հիւանդներ բերել՝ ուր որ կը լսէին թէ հոն է։
56 Եւ ուր որ կը մտնէր, գիւղերը կամ քաղաքները կամ ագարակները, հրապարակներուն մէջ կը դնէին հիւանդները ու կ’աղաչէին իրեն որ գոնէ իր հանդերձին քղանցքին դպչին։ Անոնք որ դպան՝ բժշկուեցան։