ՂՈԻԿԱՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 1

Որովհետեւ շատերը մեր մէջ հաստատ գիտցուած բաներուն վրայով եղած պատմութիւնը կարգի դնելու ձեռք զարկին,
2 Ինչպէս սկիզբէն աչքով տեսնողները եւ խօսքին սպասաւոր եղողները աւանդեցին մեզի,
3 Ես ալ որ սկիզբէն այն ամէն բաներուն ճշդութեամբ տեղեկացեր էի, յարմար դատեցի կարգաւ գրել քեզի, ո՛վ պատուական Թէոփիլոս,
4 Որպէս զի սորված բաներուդ ստուգութիւնը իմանաս։
5 Հրէաստանի Հերովդէս թագաւորին օրերը Աբիայի դասակարգութենէն Զաքարիա անունով քահանայ մը կար, որուն կինը Ահարոնին աղջիկներէն էր եւ անունը՝ Եղիսաբէթ։
6 Երկուքն ալ Աստուծոյ առջեւ արդար էին եւ Տէրոջը բոլոր պատուիրանքներուն ու իրաւունքներուն մէջ անարատութեամբ կը քալէին։
7 Զաւակ չունէին, վասն զի Եղիսաբէթ ամուլ էր ու երկուքն ալ օրերնին անցուցած էին։
8 Երբ Զաքարիա իր դասակարգութեան օրերը հասնելուն քահանայական պաշտօնը կը կատարէր Աստուծոյ առջեւ,
9 Քահանայութեան սովորութեանը պէս իրեն ինկաւ որ Տէրոջը տաճարը մտնէ եւ խնկարկութիւն ընէ։
10 Ժողովուրդին բոլոր բազմութիւնը դուրսը աղօթքի կայներ էին խունկին ատենը։
11 Տէրոջը հրեշտակը անոր երեւցաւ ու կայնեցաւ խունկի սեղանին աջ կողմը։
12 Զաքարիա երբ տեսաւ, շփոթեցաւ ու անոր վրայ վախ մը ինկաւ։
13 Հրեշտակը ըսաւ անոր. «Մի՛ վախնար, Զա՛քարիա, վասն զի քու աղօթքդ լսուեցաւ։ Քու կինդ Եղիսաբէթ քեզի որդի մը պիտի ծնանի ու Անոր անունը Յովհաննէս պիտի դնես։
14 Քեզի ուրախութիւն ու ցնծութիւն պիտի ըլլայ եւ շատեր անոր ծնանելուն համար պիտի ուրախանան։
15 Վասն զի Տէրոջը առջեւ մեծ պիտի ըլլայ։ Բայց գինի եւ օղի պիտի չխմէ եւ իր մօրը որովայնէն Սուրբ Հոգիով պիտի լեցուի.
16 Իսրայէլի որդիներէն շատերը իրենց Տէր Աստուծոյն պիտի դարձնէ։
17 Ինք անոր առջեւէն պիտի գայ Եղիային հոգիովը ու զօրութիւնովը, հայրերուն սրտերը որդիներուն վրայ դարձնելու եւ անհնազանդները՝ արդարներուն իմաստութեանը, որպէս զի Տէրոջը բարեկարգ ժողովուրդ մը պատրաստէ»։
18 Զաքարիա ըսաւ հրեշտակին. «Ինչո՞վ գիտնամ այդ բանը, որովհետեւ ես ծեր եմ ու իմ կինս իր օրերը անցուցած է»։
19 Հրեշտակը պատասխան տալով ըսաւ անոր. «Ես եմ Գաբրիէլը, որ Աստուծոյ առջեւ կը կայնիմ ու ղրկուեցայ քեզի խօսելու եւ այս բաներուն աւետիսը քեզի տալու։
20 Ահա համր պիտի ըլլաս դուն ու պիտի չկրնաս խօսիլ մինչեւ այն օրը՝ երբ այս բաները ըլլան, քանզի չհաւատացիր իմ խօսքերուս, որոնք իրենց ատենին պիտի կատարուին»։
21 Ժողովուրդը Զաքարիային կը սպասէր եւ կը զարմանային անոր տաճարին մէջ ուշանալուն համար։
22 Երբ դուրս ելաւ, չէր կրնար խօսիլ անոնց հետ. ասով իմացան թէ տաճարին մէջ տեսիլք մը տեսած է։ Ինք նշանով կը խօսէր անոնց հետ եւ համր կը կենար։
23 Երբ իր պաշտօնին օրերը լմնցան, իր տունը գնաց։
24 Այն օրերէն ետքը անոր կինը Եղիսաբէթ յղացաւ ու հինգ ամիս ինքզինք կը պահէր եւ կ’ըսէր.
25 «Այսպէս ըրաւ ինծի Տէրը այս օրերուս, իմ վրաս նայեցաւ նախատինքս մարդոց մէջէն վերցնելու համար»։
26 Վեցերորդ ամսուն մէջ Գաբրիէլ հրեշտակը Աստուծմէ ղրկուեցաւ Գալիլիայի մէկ քաղաքը՝ որուն անունը Նազարէթ էր,
27 Կոյսի մը՝ մարդու մը նշանուած, որուն անունը Յովսէփ էր, Դաւիթին տունէն։ Այն կոյսին անունը Մարիամ էր։
28 Հրեշտակը անոր երթալով՝ ըսաւ. «Ողջոյն քեզ, ո՛վ շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է։ Դուն կիներուն մէջ օրհնեալ ես»։
29 Մարիամ զանիկա տեսնելով, անոր խօսքին վրայ շփոթեցաւ ու ինքնիրեն կը մտածէր թէ ի՞նչպէս բան պիտի ըլլայ այս ողջոյնը։
30 Հրեշտակը անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, Մա՛րիամ, վասն զի Աստուծմէ շնորհք գտար։
31 Ահա պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնես։
32 Անիկա մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը ու Յակոբին տանը վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ։
33 Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։
34 Մարիամ ըսաւ հրեշտակին. «Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ այդ բանը, որովհետեւ ես այր մարդ չեմ գիտեր»։
35 Հրեշտակը պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Սուրբ Հոգին պիտի գայ քեզի ու Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ հովանի պիտի ըլլայ. ուստի այն քեզմէ ծնանելու սուրբը Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի։
36 Ահա քու ազգականդ Եղիսաբէթ՝ անիկա ալ իր պառաւութեան ատենը արու զաւակով մը յղի է։ Ասիկա այն ամուլ ըսուածին վեցերորդ ամիսն է,
37 Վասն զի Աստուծոյ քով բնաւ անհնարին բան մը չկայ»։
38 Մարիամ ըսաւ. «Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ, քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի»։ Ու հրեշտակը անոր քովէն գնաց։
39 Այն օրերը ելաւ Մարիամ ու արտորալով լեռնակողմը Յուդայի մէկ քաղաքը գնաց։
40 Մտաւ Զաքարիային տունը ու Եղիսաբէթին բարեւ տուաւ։
41 Երբ Եղիսաբէթ Մարիամին բարեւը լսեց, մանուկը անոր որովայնին մէջ խաղաց ու Եղիսաբէթ Սուրբ Հոգիով լեցուեցաւ,
42 Եւ բարձր ձայնով մը կանչեց ու ըսաւ. «Օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ եւ օրհնեալ է քու որովայնիդ պտուղը։
43 Այս ինծի ինչպէ՞ս եղաւ, որ իմ Տէրոջս մայրը ինծի եկաւ։
44 Վասն զի ահա երբ քու բարեւիդ ձայնը ականջիս հասաւ, մանուկը որովայնիս մէջ խաղաց ուրախութենէն։
45 Երանի՜ անոր որ հաւատացեր է, քանզի՝ ՝ պիտի կատարուին այն բաները, որոնք Տէրոջմէն ըսուեցան իրեն»։
46 Մարիամ ըսաւ. «Իմ անձս կը մեծցնէ Տէրը։
47 Եւ իմ հոգիս ուրախացաւ իմ Փրկիչ Աստուծմովս։
48 Վասն զի իր աղախինին խոնարհութեանը նայեցաւ. քանզի ահա ասկէ ետք բոլոր ազգերը ինծի երանութիւն պիտի տան։
49 Վասն զի Հզօրը ինծի մեծամեծ բաներ ըրաւ ու անոր անունը սուրբ է։
50 Եւ անոր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ է ազգէ ազգ։
51 Իր բազուկովը զօրութիւն ցուցուց, ցիրուցան ըրաւ ամբարտաւանները իրենց սրտին խորհուրդովը։
52 Զօրաւորները իրենց աթոռներէն իջեցուց ու խոնարհները բարձրացուց։
53 Անօթիները բարիքներով լեցուց եւ հարուստները պարապ ճամբեց։
54 Օգնութիւն ըրաւ իր Իսրայէլ ծառային՝ իր ողորմութիւնը միտքը բերելով,
55 Ինչպէս ինք խօսեցաւ մեր հայրերուն, Աբրահամին ու անոր սերունդին յաւիտեան»։
56 Մարիամ անոր քով երեք ամիսի չափ կեցաւ ու իր տունը դարձաւ։
57 Ու Եղիսաբէթին ծնանելու ժամանակը լեցուեցաւ ու որդի մը ծնաւ։
58 Երբ լսեցին անոնք, որ անոր բոլորտիքը կը բնակէին ու անոր ազգականները, որ Տէրը անոր վրայ իր մեծ ողորմութիւնը ցուցուց, անոր հետ ուրախացան։
59 Ութերորդ օրը տղան թլփատելու գացին եւ զանիկա իր հօրը անունովը Զաքարիա կը կոչէին,
60 Իսկ անոր մայրը պատասխան տալով ըսաւ. «Ո՛չ, հապա Յովհաննէս պիտի կոչուի»։
61 Անոր ըսին թէ՝ ‘Քու ազգականներուդ մէջ մէկը չկայ, որ այս անունով կոչուի’։
62 Աչք ըրին անոր հօրը թէ ի՞նչ անունով կ’ուզէ որ անիկա կոչուի։
63 Ան ալ տախտակ մը ուզեց ու գրեց. «Յովհաննէս է ատոր անունը»։ Ամէնքն ալ զարմացան։
64 Իսկոյն բացուեցաւ անոր բերանը ու անոր լեզուն եւ խօսեցաւ ու օրհնեց Աստուած։
65 Վախ մը ինկաւ այն ամենուն վրայ՝ որոնք անոնց բոլորտիքը կը բնակէին։ Այս բաները Հրէաստանի բոլոր լեռնակողմը կը պատմուէր։
66 Բոլոր լսողները իրենց սրտերնուն մէջ կը խորհէին ու կ’ըսէին. «Արդեօք այս տղան ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Տէրոջը ձեռքը անոր հետ էր։
67 Անոր հայրը Զաքարիա՝ Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ մարգարէացաւ ու ըսաւ.
68 «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որ այցելութեան ելաւ եւ իր ժողովուրդին փրկութիւն ըրաւ։
69 Մեզի փրկութեան եղջիւր մը հանեց իր Դաւիթ ծառային տունէն.
70 (Ինչպէս խօսեցաւ սուրբերուն բերնովը, որոնք աշխարհի սկիզբէն ի վեր անոր մարգարէներն էին.)
71 Փրկութիւն մեր թշնամիներէն եւ բոլոր մեզ ատողներուն ձեռքէն,
72 Ողորմութիւն ընելու մեր հայրերուն եւ իր սուրբ ուխտը միտք բերելու 73 (Այն երդումը որ մեր հօրը Աբրահամին ըրաւ), մեզի տալու,
74 Որպէս զի մեր թշնամիներուն ձեռքէն ազատուելով՝ առանց վախի զանիկա պաշտենք
75 Սրբութիւնով ու արդարութիւնով անոր առջեւ մեր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ։
76 Եւ ‘Դո՛ւն, ո՛վ մանուկ, Բարձրեալին մարգարէն պիտի կոչուիս, վասն զի Տէրոջը երեսին առջեւէն պիտի երթաս՝ անոր ճամբաները պատրաստելու,
77 Անոր ժողովուրդին գիտցնելու իրենց փրկութիւնը իրենց մեղքերուն թողութիւնովը’,
78 Մեր Աստուծոյն գթած ողորմութեանը համար, որով Ծագող արեգակը վերէն մեզի այցելութեան եկաւ՝
79 ‘Խաւարի եւ մահուան ստուերի մէջ նստողներուն լոյս տալու’ ու մեր ոտքերը խաղաղութեան ճամբուն մէջ շտկելու»։
80 Տղան կը մեծնար ու կը զօրանար հոգիով եւ անապատներուն մէջ էր մինչեւ այն օրը, երբ ինք Իսրայէլին երեւցաւ։