ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16


Գլուխ 1

Պօղոս, Յիսուս Քրիստոսի ծառայ, առաքեալ ըլլալու կանչուած, Աստուծոյ աւետարանին համար որոշուած,
2 (Որ առաջուընէ իր մարգարէներուն ձեռքով սուրբ գրքերով խոստացաւ,)
3 Իր Որդիին մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայով, որ մարմնի կողմանէ Դաւիթին սերունդէն եղաւ,
4 Որ սրբութեան հոգիին կողմանէ Աստուծոյ Որդի յայտնուեցաւ զօրութեամբ՝ մեռելներէն յարութիւն առնելով.
5 Որով շնորհք եւ առաքելութիւն առինք՝ հաւատքի հնազանդութեան համար բոլոր ազգերուն մէջ, անոր անունին համար.
6 Որոնց մէջ դուք ալ Յիսուս Քրիստոսին կանչուածներն էք
7 Ձեր բոլորին, որ Հռովմի մէջ էք, Աստուծոյ սիրելիներուդ, սուրբ ըլլալու կանչուածներուդ, շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
8 Նախ կը գոհանամ իմ Աստուծմէս Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով ձեր ամենուն համար, վասն զի ձեր հաւատքը բոլոր աշխարհի մէջ կը պատմուի։
9 Քանզի վկայ է ինծի Աստուած, որ ես կը պաշտեմ իմ հոգիովս անոր Որդիին աւետարանին մէջ,
10 Թէ անդադար ձեզ կը յիշեմ, ամէն ատեն իմ աղօթքներուս մէջ խնդրելով՝ որ թերեւս անգամ մը Աստուծոյ կամքովը յաջողիմ ձեզի գալու։
11 Քանզի կը փափաքիմ ձեզ տեսնել, որ ձեզի հոգեւոր շնորհք մը հաղորդեմ, որպէս զի հաստատուիք.
12 Այսինքն ձեզի հետ ես ալ մխիթարուիմ իմ ու ձեր փոխադարձ հաւատքին միջոցով։
13 Սակայն չեմ ուզեր որ չգիտնաք, եղբայրնե՛ր, որ շատ անգամ ուզեցի գալ ձեզի, (եւ մինչեւ հիմա արգիլուեցայ,) որպէս զի ձեր մէջ ալ պտուղ մը ունենամ, ինչպէս ուրիշ հեթանոսներու մէջ ալ։
14 Յոյներուն ու բարբարոսներուն, իմաստուններուն ու անմիտներուն ալ պարտական եմ։
15 Ուստի որչափ որ ձեռքէս կու գայ, յօժարութիւն ունիմ ձեզի ալ, որ Հռովմի մէջ էք, աւետարանը քարոզել։
16 Վասն զի ես ամօթ չեմ սեպեր աւետարանը քանզի Աստուծոյ զօրութիւնն է ան՝ բոլոր հաւատացեալներուն փրկութեան համար՝ առաջ Հրեային ու ետքը Յոյնին։
17 Վասն զի անով Աստուծոյ արդարութիւնը, որ է հաւատքէն, հաւատքի համար կը յայտնուի. ինչպէս գրուած է թէ՝ ‘Արդարը հաւատքէն պիտի ապրի’։
18 Քանզի Աստուծոյ բարկութիւնը երկնքէն կը յայտնուի մարդոց բոլոր ամբարշտութեանը եւ անիրաւութեանը վրայ, որոնք ճշմարտութիւնը անիրաւութեամբ բռներ են։
19 Վասն զի ինչ որ Աստուծոյ մասին պէտք է գիտնալ՝ իրենց մէջ յայտնի է, որովհետեւ Աստուած անոնց յայտնեց։
20 Քանզի աներեւոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին, այսինքն իր մշտնջենաւոր զօրութիւնը ու աստուածութիւնը, որպէս զի անպատասխանի մնան։
21 Թէեւ իրենք Աստուած կը ճանչնային բայց Աստուծոյ պէս չփառաւորեցին կամ շնորհակալ չեղան. հապա իրենց խորհուրդներուն մէջ ունայնացան եւ սրտերնին անմտութիւնով՝ ՝ խաւարեցաւ։
22 Իրենք իմաստուն ենք ըսին ու յիմարացան
23 Եւ անեղծ Աստուծոյ փառքը փոխեցին, նմանցնելով եղծանելի մարդու եւ թռչուններու ու չորքոտանիներու եւ սողուններու պատկերին։
24 Անոր համար Աստուած ալ պղծութեան մատնեց զանոնք իրենց սրտերուն ցանկութիւններովը՝ իրենց մարմինները իրենց մէջ անարգելու։
25 Որոնք Աստուծոյ ճշմարտութիւնը սուտի հետ փոխեցին ու երկրպագութիւն եւ պաշտօն մատուցանեցին ստեղծուածներուն քան թէ Ստեղծողին, որ յաւիտեան օրհնեալ է։ Ամէն։
26 Անոր համար Աստուած զանոնք անարգ կրքերու մատնեց։ Իրենց էգերն անգամ բնական պէտքը բնութեան դէմ եղող պէտքի փոխեցին։
27 Նոյնպէս ալ արուները կնոջ բնական պէտքը թողուցած՝ իրենց ցանկութիւնովը իրարու հետ վառուեցան. արուները արուներու հետ խայտառակութիւն կը գործէին եւ իրենց մոլութեանը վայլած հատուցումը իրենց վրայ կ’ընդունէին։
28 Քանի որ չուզեցին Աստուած իրենց գիտութեանը մէջ պահել, Աստուած ալ զանոնք անարգ խորհուրդներու մատնեց անվայել բաներ ընելու.
29 Որոնք լեցուած էին ամէն անիրաւութիւնով, պոռնկութիւնով, անզգամութիւնով, ագահութիւնով, չարութիւնով, նախանձով, մարդասպանութիւնով, հակառակութիւնով եւ նենգութիւնով, չարասրտութիւնով եւ էին քսուներ։
30 Չարախօսներ, Աստուած ատողներ, նախատողներ, հպարտներ, ամբարտաւաններ, չար բաներ հնարողներ, ծնողաց անհնազանդներ,
31 Անմիտներ, ուխտ չպահողներ, անգութներ, անհաշտներ, անողորմներ։
32 Անոնք գիտնալով հանդերձ Աստուծոյ դատաստանը, թէ անոնք որ այսպիսի բաներ կ’ընեն՝ մահուան արժանի են, ո՛չ միայն այն բաները կ’ընեն, հապա ընողներուն ալ հաւանութիւն կու տան։