ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ

1 2 3 4 5 6


Գլուխ 1

Պօղոս, առաքեալ եղած, ո՛չ թէ մարդոցմէ, կամ ո՛չ թէ մարդու ձեռքով, հապա Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով եւ Հօր Աստուծոյ՝ որ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց
2 Եւ բոլոր եղբայրները, որոնք ինծի հետ են՝ Գաղատիոյ եկեղեցիներուդ.
3 Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Հօր Աստուծմէն ու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսէն,
4 Որ իր անձը տուաւ մեր մեղքերուն համար, որպէս զի մեզ փրկէ հիմակուան չար աշխարհէն՝ Աստուծոյ ու մեր Հօրը կամքին համեմատ,
5 Որուն փառք հաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։
6 Կը զարմանամ որ շուտով կը լքէք այն մէկը, որ ձեզ Քրիստոսի շնորհքին կանչեց եւ կը դառնաք ուրիշ աւետարանի.
7 Մինչ ուրիշ աւետարան չկայ բայց կան ոմանք որոնք ձեզ կը խռովեցնեն ու կ’ուզեն Քրիստոսին աւետարանը խանգարել,
8 Բայց եթէ մենք, կամ երկնքէն հրեշտակ մը գայ, աւետարանէ ձեզի անկէ տարբերը՝ որ մենք աւետարանեցինք ձեզի, նզովեա՛լ ըլլայ։
9 Ինչպէս առաջ ըսինք, հիմա ալ նորէն կ’ըսեմ. «Եթէ մէկը ձեր ընդունածէն ուրիշ աւետարան քարոզելու ըլլայ ձեզի, նզովեա՛լ ըլլայ»։
10 Քանզի հիմա մարդի՞կ կը հաճեցնեմ, թէ՝ Աստուած. կամ մարդո՞ց հաճելի ըլլալ կը փնտռեմ։ Քանզի եթէ ես տակաւին մարդոց հաճելի ըլլայի, ա՛լ Քրիստոսին ծառայ չէի ըլլար։
11 Կը ծանուցանեմ ձեզի, եղբայրներ, այն աւետարանը որ ինծմէ քարոզուեցաւ, թէ անիկա մարդու բան չէ։
12 Որովհետեւ ես ալ մարդէ չառի զանիկա, եւ մէկէ՛ն ալ չսորվեցայ, հապա Յիսուս Քրիստոսին յայտնութենէն։
13 Վասն զի լսած էք դուք իմ նախկին վարմունքս Հրէութեան մէջ, ինչպէ՜ս չափէ դուրս կը հալածէի Աստուծոյ եկեղեցին ու կը կործանէի զանիկա
14 Եւ իմ հայրենի աւանդութիւններուս խիստ նախանձախնդիր ըլլալով՝ իմ ազգիս մէջ եղած շատ հասակակիցներէս աւելի յառաջադէմ էի Հրէութեան մէջ։
15 Բայց երբ Աստուած ուզեց, (որ որոշեց զիս իմ մօրս որովայնէն եւ իր շնորհքովը զիս կանչեց,)
16 Ինծի իր Որդին յայտնել, որպէս զի զանիկա հեթանոսներուն մէջ քարոզեմ, նոյն ատեն բան մը չիմացուցի մարմնին ու արիւնին,
17 Ո՛չ ալ Երուսաղէմ ելայ ինծմէ առաջ առաքեալ եղողներուն քով, հապա Արաբիա գացի ու նորէն Դամասկոս դարձայ։
18 Ապա՝ երեք տարի յետոյ Երուսաղէմ գացի Պետրոսը տեսնելու եւ տասնըհինգ օր անոր քով կեցայ.
19 Սակայն առաքեալներէն ուրիշ մէկը չտեսայ, բայց միայն Յակոբոսը՝ Տէրոջը եղբայրը։
20 Բայց աս որ կը գրեմ ձեզի՝ ահա Աստուծոյ առջեւ կը հաստատեմ, որ սուտ չեմ խօսիր։
21 Անկէ ետքը գացի Սուրիոյ ու Կիլիկիոյ կողմերը
22 Եւ զիս դէմ առ դէմ չէին ճանչնար այն եկեղեցիները՝ որոնք Հրէաստանի մէջ էին Քրիստոսով.
23 Միայն թէ անոնք լսած էին թէ՝ «Ան որ ատենօք մեզ կը հալածէր, հիմա ինք այն հաւատքը կը քարոզէ՝ որ ատեն մը կը կործանէր»
24 Ու ինծմով Աստուած կը փառաւորէին։