ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ

1 2 3 4


Գլուխ 1

Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսին առաքեալը Աստուծոյ կամքով եւ Տիմոթէոս եղբայրը,
2 Կողոսայի մէջ եղող Քրիստոսով սուրբ ու հաւատացեալ եղբայրներուն.
3 Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։ Ամէն ատեն ձեզի համար աղօթք ընելով՝ կը գոհանանք Աստուծմէ ու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հօրմէն։
4 Լսելով ձեր հաւատքը որ Քրիստոս Յիսուսին վրայ եւ այն սէրը, որ բոլոր սուրբերուն վրայ ունիք.
5 Այն յոյսին համար, որ երկինքը կը պահուի ձեզի, որուն վրայով նախապէս լսեցիք աւետարանին ճշմարտութեան խօսքովը,
6 Որ ձեզի հասաւ՝ ինչպէս բոլոր աշխարհ ու պտղաբեր ըլլալով [կ’աճի], ինչպէս ձեր մէջ ալ, այն օրուընէ, որ դուք լսեցիք ու ճանչցաք Աստուծոյ շնորհքը ճշմարտութիւնով.
7 Ինչպէս սորվեցաք մեր սիրելի ծառայակցէն՝ Եպափրասէն, որ ձեզի համար հաւատարիմ պաշտօնեայ մըն է Քրիստոսին
8 Որ ինք ալ մեզի պատմեց ձեր սէրը Հոգիով։
9 Անոր համար մենք ալ, այն օրէն երբ լսեցինք, չենք դադարիր ձեզի համար աղօթելէ ու խնդրանք մատուցանելէ, որպէս զի կատարեալ ըլլաք անոր կամքին գիտութիւնովը, լեցուիք իմաստութիւնով ու հոգեւոր հանճարով։
10 Որպէս զի դուք Տէրոջը արժանի կերպով քալէք եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնէք, բարի գործերով պտղաբերիք ու աճիք՝ Աստուծոյ գիտութիւնովը.
11 Իր փառաւոր զօրութեանը համեմատ բոլոր ուժով զօրացած՝ համբերութեան ու երկայնմտութեան համար ուրախացած։
12 Գոհանալով Հօր Աստուծմէ, որ մեզ լոյսի մէջ բնակող սուրբերուն վիճակին մասնակից ըլլալու արժանացուց։
13 Որ մեզ ազատեց խաւարին իշխանութենէն ու իր սիրելի Որդիին թագաւորութեանը փոխադրեց։
14 Որով մենք փրկութիւն ունինք իր արիւնովը, այսինքն մեղքի թողութիւն,
15 Որ աներեւոյթ Աստուծոյ պատկերն է, բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը։
16 Վասն զի անով ամէն բան ստեղծուեցաւ, ինչ որ երկինքն է ու ինչ որ՝ երկրի վրայ կայ, անոնք որ կ’երեւնան եւ անոնք որ չեն երեւնար, թէ՛ աթոռները, թէ՛ տէրութիւնները, թէ՛ պետութիւնները, թէ՛ իշխանութիւնները. բոլոր բաները անով ու անոր համար ստեղծուեցան։
17 Անիկա ամէն բանէ առաջ էր եւ ամէն բան անով հաստատ կը կենայ.
18 Եւ անիկա է մարմնին, այսինքն եկեղեցիին գլուխը. որ սկիզբն է, մեռելներէն անդրանիկը, որպէս զի ինք ըլլայ ամէն բանի մէջ նախապատիւ.
19 Վասն զի հայրը հաճեցաւ որ Աստուածութեան բոլոր լեցունութիւնը անոր մէջ բնակի
20 Եւ անով ամէնքը հաշտեցնէ իրեն հետ, խաղաղութիւն ընելով խաչին վրայ թափած իր արիւնովը, թէ՛ երկրի վրայ եւ թէ՛ երկնքի մէջ եղողները։
21 Եւ ձեզ ալ՝ որ ատեն մը օտարացած էիք ու չար գործերով թշնամիներ՝ ձեր խորհուրդներովը,
22 Հիմա հաշտեցուց բուն իր մարմնովը՝ մահուամբ, որպէս զի ձեզ անոր առջեւ սուրբ ու անբիծ եւ անարատ կայնեցնէ.
23 Եթէ կենաք հաւատքին մէջ հիմնուած ու հաստատ եւ առանց խախտելու աւետարանին յոյսէն որ լսեցիք, որ երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ, որուն ես՝ Պօղոսս՝ սպասաւոր եղայ։
24 Հիմա ուրախ եմ ձեզի համար կրած չարչարանքներուս համար ու Քրիստոսի կրած նեղութիւններուն պակասութիւնը իմ մարմնիս մէջ կը լեցնեմ անոր մարմնին համար, որ եկեղեցին է.
25 Որուն ես սպասաւոր եղայ Աստուծոյ տնտեսութիւնովը՝ որ ինծի տրուեցաւ ձեզի համար՝ Աստուծոյ խօսքը լման քարոզելու,
26 Այն խորհուրդը՝ որ ծածկուած էր բոլոր դարերէն ու ազգերէն, հիմա իր սուրբերուն յայտնուեցաւ.
27 Որոնց Աստուած ուզեց գիտցնել իր խորհուրդին փառաւոր ճոխութիւնը հեթանոսներուն մէջ, որ է Քրիստոս ձեր մէջ՝ փառաց յոյսը.
28 Որ մենք կը քարոզենք ու ամէն մարդու կը յորդորենք եւ կը սորվեցնենք բոլոր իմաստութիւնով, որպէս զի ամէն մարդ կատարեալ ընենք Քրիստոս Յիսուսով.
29 Որուն համար ես ալ կ’աշխատիմ, ջանք ընելով իր ներգործութեանը համեմատ, որ զօրութիւնով իմ մէջս կը գործէ։