ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13


Գլուխ 1

Շատ ձեւերով ու շատ կերպերով կանխաւ խօսած է Աստուած հայրերուն հետ՝ մարգարէներով։
2 Այս վերջին օրերս իր Որդիովը խօսեցաւ մեզի հետ, որը ամէն բանի ժառանգորդ ըրաւ, որով աշխարհն ալ ստեղծեց։
3 Ան իր փառքին լոյսն է եւ իր էութեան՝ բուն պատկերը։ Ան իր զօրութեան խօսքովը ամէն բան կը բռնէ։ Իր անձով մեր մեղքերը սրբեց եւ նստաւ բարձրերը, Աստուծոյ մեծութեան աջ կողմը։
4 Այնչափ բարձր եղաւ հրեշտակներէն, որչափ իր ժառանգած անունը բարձր է անոնց անուններէն։
5 Վասն զի հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ. «Դուն իմ Որդիս ես, ես այսօր քեզ ծնայ» եւ դարձեալ՝ «Ես անոր Հայր պիտի ըլլամ ու անիկա ինծի Որդի պիտի ըլլայ»։
6 Եւ դարձեալ՝ երբ անդրանիկը աշխարհ կը մտցնէ՝ կ’ըսէ. «Աստուծոյ բոլոր հրեշտակներն ալ անոր երկրպագութիւն թող ընեն»։
7 Եւ հրեշտակներուն համար կ’ըսէ. «Որ իր հրեշտակները հոգիներ կ’ընէ ու իր պաշտօնեաները՝ կրակի բոց»։
8 Սակայն Որդիին համար կ’ըսէ. «Քու աթոռդ, ո՛վ Աստուած, յաւիտեանս յաւիտենից է. քու թագաւորութեանդ գաւազանը ուղղութեան գաւազան է.
9 Արդարութիւնը սիրեցիր ու անօրէնութիւնը ատեցիր. անոր համար, ո՛վ Աստուած, քու Աստուածդ ուրախութեան իւղով օծեց քեզ քու ընկերներէդ աւելի»։
10 Եւ՝ «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, սկիզբէն երկրի հիմերը դրիր ու երկինք քու ձեռքերուդ գործն է.
11 Անոնք պիտի կորսուին, բայց դուն պիտի կենաս ու մնաս ու բոլորը լաթի պէս պիտի մաշին
12 Ու վերարկուի պէս պիտի գալարես զանոնք եւ պիտի փոխուին, բայց դուն նոյն ինքն ես ու քու տարիներդ պիտի չպակսին»։
13 Եւ հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ. «Իմ աջ կողմս նստէ՛, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան դնեմ»։
14 Չէ՞ որ հրեշտակները սպասաւորող հոգիներ են, որոնք սպասաւորութեան կը ղրկուին անոնց համար՝ որ փրկութիւն պիտի ժառանգեն։