ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԵՏՐՈՍԻ

1 2 3


Գլուխ 3

Սիրելինե՛ր, այս երկրորդ թուղթը կը գրեմ, անով ձեր անկեղծ միտքը արթնցնելու որ յիշէք
2 Եւ նախապէս սուրբ մարգարէներէն ըսուած խօսքերը եւ մեր՝ այսինքն Տէրոջը ու Փրկչին առաքեալներուն՝ պատուէրները մտքերնիդ բերէք։
3 Բայց նախ ասիկա գիտցէք, թէ վերջին օրերը ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ պիտի քալեն
4 Եւ պիտի ըսեն. «Ո՞ւր է անոր գալուն խոստումը, վասն զի թէեւ մեր հայրերը քնացան, բայց դեռ ամէն բան այնպէս կը մնայ, ինչպէս արարածներուն սկիզբն էր։
5 Քանզի անոնք (որոնց ուզածը այս է,) այն բանը մոռցեր են, թէ երկինք առաջուընէ կար ու երկիր ջուրերէն եւ ջուրերով հաստատ կեցեր է Աստուծոյ խօսքովը.
6 Որով հին ապականուած աշխարհը ջրհեղեղով կորսուեցաւ։
7 Հիմա երկինք ու երկիր պահուած են նոյն խօսքվ կրակի համար, մինչեւ դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը։
8 Այս մէկ բանը ձեզմէ ծածուկ չմնայ, սիրե՛լիներ, թէ Տէրոջը քով մէկ օրը հազար տարուան պէս է ու հազար տարին՝ մէկ օրուան պէս։
9 Տէրը չուշացներ իր խոստումը, ինչպէս ոմանք ուշացուցած կը սեպեն, հապա երկայնամիտ կ’ըլլայ. վասն զի չուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն։
10 Սակայն Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ, այն ատեն երկինք սաստիկ շառաչիւնով պիտի անցնի ու տարերքները բռնկած պիտի լուծուին. երկիրն ալ ու ինչ որ անոր մէջ կը գտնուի, պիտի այրուին։
11 Ուստի քանի որ այս բոլոր բաները պիտի լուծուին, ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով
12 Ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն, որուն մէջ երկինք կրակով այրուած պիտի լուծուի, տարրերը բռնկած պիտի հալին։
13 Սակայն իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի։
14 Ուստի, սիրե՛լիներ, ասոնց սպասելով ջանացէ՛ք որ ան ձեզ անբիծ ու անարատ գտնէ խաղաղութիւնով։
15 Մեր Տէրոջը երկայնմտութիւնը փրկութիւն սեպեցէք ինչպէս մեր սիրելի եղբայրը՝ Պօղոս ալ՝ իրեն տրուած իմաստութիւնովը գրեց ձեզի.
16 Ինչպէս բոլոր թուղթերուն մէջ ալ այս բաներուն վրայով կը խօսի. որոնց մէջ քանի մը դժուարիմաց խօսքեր կը գտնուին, որոնք տգէտներն ու անհաւատները ծուռ կը մեկնեն, ինչպէս ուրիշ գրքեր ալ՝ իրենց անձին կորուստին համար։
17 Ուրեմն դուք, սիրելիներ, առաջուընէ գիտնալով զգոյշ եղէ՛ք, որ չըլլայ թէ անօրէններուն խաբէութենէն բռնուած՝ ձեր հաստատութենէն իյնաք.
18 Հապա աճեցէ՛ք մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին շնորհքովը ու գիտութիւնովը։ Անոր փառք հիմա ու մինչեւ յաւիտեան։ Ամէն։