Տալ


  • Որովհետեւ երկրին մէջէն աղքատ պակաս պիտի չըլլայ, անոր համար քեզի կը պատուիրեմ ու կ’ըսեմ՝ ‘Քու երկրիդ մէջ եղած աղքատ ու չքաւոր եղբօրդ ձեռքդ բաց ըլլայ’։
    Բ. ՕՐԻՆԱՑ 15:11
  • Տէրը պատուէ քու ստացուածքովդ եւ քու բոլոր բերքերուդ երախայրիներով Եւ քու շտեմարաններդ առատութիւնով պիտի լեցուին Ու հնձաններէդ նոր գինին դուրս պիտի թափի։
    ԱՌԱԿԱՑ 3:9,10
  • Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, Կարօտ եղողէն՝ ՝ մի՛ խնայեր զանիկա։
    ԱՌԱԿԱՑ 3:27
  • Մարդ կայ, որ իր ստացուածքը ցրուելով կ’աւելցնէ Ու մարդ կայ, որ չափէ դուրս կը խնայէ, բայց կարօտութեան կը հասնի։ Բարերար անձը պիտի գիրնայ Եւ ան որ կ’ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի։
    ԱՌԱԿԱՑ 11:24,25
  • Ով որ աղքատին աղաղակը չլսելու համար իր ականջը կը գոցէ, Ինք ալ պիտի աղաղակէ ու իրեն լսող պիտի չըլլայ։
    ԱՌԱԿԱՑ 21:13
  • Բոլոր տասանորդները գանձատունը բերէք, Որպէս զի իմ տանս մէջ պաշար ըլլայ։ Ասով զիս փորձեցէ՛ք, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Թէ արդեօք ձեզի երկնքի պատուհանները պիտի չբանա՞մ Ու ձեզի օրհնութիւն թափեմ, Այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ։
    ՄԱՂԱՔԵԱՅ 3:10
  • Քեզմէ ուզողին տուր ու երես մի՛ դարձներ անկէ՝ որ կ’ուզէ քեզմէ փոխ առնել»։
    ՄԱՏԹԷՈՍ 5:42
  • Ուստի երբ ողորմութիւն կ’ընես, առջեւդ փող մի՛ հնչեցներ, ինչպէս կեղծաւորները ժողովարաններուն ու փողոցներուն մէջ կ’ընեն, որպէս զի մարդոցմէ փառաւորուին. ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի. ‘Անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան’։Իսկ դուն երբ ողորմութիւն կ’ընես, ձախ ձեռքդ թող չգիտնայ աջ ձեռքիդ ինչ տալը, Որպէս զի քու ողորմութիւնդ գաղտուկ ըլլայ եւ քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ։
    ՄԱՏԹԷՈՍ 6:2-4
  • Թագաւորը պատասխան տալով պիտի ըսէ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք»։
    ՄԱՏԹԷՈՍ 25:40
  • Տուէ՛ք ու ձեզ պիտի տրուի։ Աղէկ չափով՝ կոխուած, ցնցուած, լեփլեցուն պիտի տրուի ձեր գոգը. քանզի այն չափով՝ որով դուք կը չափէք, ձեզի պիտի չափուի»։
    ՂՈԻԿԱՍ 6:38
  • Բայց ասիկա կ’իմացնեմ թէ՝ ան որ խնայելով կը սերմանէ՝ խնայելով պիտի հնձէ ու ան որ առատութիւնով կը սերմանէ՝ առատութիւնով պիտի հնձէ։ Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ։ Բայց կարող է Աստուած բոլոր շնորհքները ձեզի տալ, որպէս զի ամէն բանի մէջ ամէն ատեն բոլոր ձեզի պէտք եղածը ունենալով՝ բարիք գործէք առատութեամբ. Ինչպէս գրուած է. «Տարածեց ու աղքատներուն տուաւ։ Անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ»։ Եւ անիկա որ սերմ ցանողին սերմ կը պարգեւէ եւ կերակուրի համար՝ հաց, ձեզի սերմանելիք պիտի պարգեւէ եւ աւելցնէ՝ ՝ ու ձեր արդարութեան պտուղները շատցնէ. Որպէս զի ամէն բանի մէջ հարստանաք ամէն կերպ առատութիւնով, որ մեր ձեռքով պիտի մղէ գոհութիւն տալ Աստուծոյ։ Վասն զի այս պաշտօնին մատակարարութիւնը ո՛չ միայն սուրբերուն պակասութիւնը լեցնելու համար է, հապա որ աւելի շատ գոհանան Աստուծմէ։
    ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 9:6-12
  • Եթէ եղբայր մը կամ քոյր մը մերկ ըլլայ կամ օրուան կերակուրին կարօտ Ու ձեզմէ մէկը անոնց ըսէ. «Գացէ՛ք խաղաղութեամբ, տաքցէ՛ք ու կշտացէք», բայց մարմնին պէտք եղած բաները անոնց չտայ, ի՞նչ օգուտ ունի։ Այսպէս ալ հաւատքը, եթէ իրեն հետ գործ չունենայ, առանձինն մեռած է։
    ՅԱԿՈԲՈՒ 2:15-17