ԵԼԻՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40


Գլուխ 1

Եգիպտոս գացող Իսրայէլի որդիներուն անունները ասոնք են. ամէն մէկը իր տունովը Յակոբին հետ գնաց.
2 Ռուբէն, Շմաւոն, Ղեւի ու Յուդա,
3 Իսաքար, Զաբուղոն եւ Բենիամին,
4 Դան ու Նեփթաղիմ, Գադ ու Ասեր։
5 Եւ Յակոբի երանքէն ելած բոլոր հոգիները եօթանասուն հոգի էին. Յովսէփն ալ Եգիպտոս էր։
6 Յովսէփ ու անոր բոլոր եղբայրները եւ բոլոր այն ազգը մեռան։
7 Եւ Իսրայէլին որդիները աճեցան ու բազմացան եւ շատցան ու խիստ զօրացան եւ այն երկիրը անոնցմով լեցուեցաւ։
8 Արդ Եգիպտոսի վրայ նոր թագաւոր մը ելաւ, որ Յովսէփը չէր ճանչնար։
9 Անիկա ըսաւ իր ժողովուրդին. «Ահա Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդը մեզմէ շատ ու զօրաւոր են.
10 Եկէք խորամանկութիւն բանեցնենք անոնց դէմ, որ չըլլայ թէ շատնան ու երբ պատերազմ պատահելու ըլլայ, անոնք ալ մեր թշնամիներուն հետ միանան ու մեզի դէմ պատերազմին եւ այս երկրէն ելլեն»։
11 Անոր համար գործավարներ դրին անոնց վրայ, որպէս զի չարչարեն զանոնք ծանր գործերով։ Փարաւոնին շտեմարանին քաղաքներ՝ Փիթօմը ու Ռամսէսը՝ շինեցին։
12 Որչափ կը չարչարէին զանոնք, անոնք ա՛լ աւելի կը շատնային ու կ’աճէին։ Եգիպտացիները Իսրայէլի որդիներէն ձանձրացան
13 Եւ բռնութեամբ կը ծառայեցնէին Իսրայէլի որդիները։
14 Անոնց կեանքը ծանր գործով՝ կաւով ու աղիւսներով եւ դաշտի ամէն տեսակ գործով կը դառնացնէին։ Ինչ ծառայութիւն որ անոնց ընել տային՝ բռնութեամբ կ’ընէին։
15 Եգիպտոսի թագաւորը խօսեցաւ Եբրայեցիներու մանկաբարձներուն, որոնցմէ մէկուն անունը՝ Սեփրա ու միւսին անունը՝ Փուա էր
16 Ոը ըսաւ. «Եբրայեցի կիներուն տղաքը առած ատեննիդ՝ նստարաններուն վրայ պէտք է նայիք, եթէ տղայ է՝ պէտք է մեռցնէք զանիկա եւ եթէ աղջիկ է՝ թող ողջ մնայ»։
17 Բայց մանկաբարձները Աստուծմէ վախցան ու Եգիպտոսի թագաւորին իրենց ըսածին պէս չըրին. հապա արուներն ալ ողջ կը թողուին։
18 Եգիպտոսի թագաւորը կանչեց մանկաբարձները ու ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ այս բանը ըրիք ու արուները ողջ թողուցիք»։
19 Եւ մանկաբարձները ըսին Փարաւոնին. «Քանզի Եբրայեցի կիները Եգիպտոսի կիներուն պէս չեն. վասն զի առոյգ են. մանկաբարձը անոնց չհասած՝ կը ծնանին»։
20 Անոր համար Աստուած մանկաբարձներուն բարիք ըրաւ եւ ժողովուրդը շատցաւ ու խիստ զօրացաւ։
21 Քանի որ մանկաբարձները Աստուծմէ վախցան, Աստուած ալ անոնց տուներ շինեց։
22 Այն ատեն Փարաւոն իր բոլոր ժողովուրդին հրամայեց՝ ըսելով. «Ամէն ծնած տղայ գետը նետեցէք եւ ամէն աղջիկ ողջ թողուցէք»։