ԵԼԻՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40


Գլուխ 13

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2 «Սրբէ՛ ինծի ամէն անդրանիկ, Իսրայէլի որդիներուն մէջ ամէն արգանդ բացողը, մարդ կամ անասուն։ Ան իմս է»։ ԲԱՂԱՐՋԱԿԵՐԱՑ ՏՕՆԸ
3 Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Յիշեցէ՛ք այն օրը, երբ Եգիպտոսէն՝ ծառայութեան տունէն՝ ելաք, վասն զի Տէրը զօրաւոր ձեռքով ձեզ անկէ հանեց։ Խմորեալ հաց պիտի չուտէք։
4 Դուք այսօր ելաք, Ապիպ ամսուան մէջ։
5 Երբ Տէրը տանելու ըլլայ քեզ Քանանացիներու ու Քետացիներու եւ Ամօրհացիներու ու Խեւացիներու եւ Յեբուսացիներու երկիրը, որոնք քեզի տալու համար քու հայրերուդ երդում ըրաւ՝ այն երկիրը ուր կաթ ու մեղր կը բղխի, այս ամսուան մէջ պիտի կատարես այս պաշտօնը։
6 Եօթը օր բաղարջ պիտի ուտես եւ եօթներորդ օրը տօն պիտի ըլլայ Տէրոջը։
7 Այն եօթը օրերուն մէջ բաղարջ պիտի ուտուի ու քովդ խմորեալ հաց պիտի չտեսնուի, ո՛չ ալ քու քովդ խմոր պիտի տեսնուի քու բոլոր սահմաններուդ մէջ։
8 Այն օրը քու որդիիդ պիտի պատմես՝ ‘Այս անոր համար է, որ Տէրը ըսաւ ինծի, երբ ես Եգիպտոսէն ելայ։
9 Ասիկա քեզի նշանի համար պիտի ըլլայ ձեռքիդ վրայ ու քու աչքերուդ մէջտեղ յիշատակի համար, որպէս զի Տէրոջը օրէնքը քու բերնիդ մէջ ըլլայ. վասն զի Տէրը զօրաւոր ձեռքով քեզ հանեց Եգիպտոսէն։
10 Ուստի դուն այս կանոնը տարիէ տարի իր ատենին պիտի պահես’։
11 Երբ Տէրը քեզ Քանանացիներու երկիրը տանի, ինչպէս քեզի ու քու հայրերուդ երդում ըրաւ, որ զանիկա քեզի տայ,
12 Այն ամէնը որ արգանդ կը բանայ, Տէրոջը համար պիտի զատես եւ քու ունեցած անասունիդ ամէն անդրանիկ արուները Տէրոջը պիտի ըլլան։
13 Եւ իշուն ամէն անդրանիկը ոչխարով մը փրկես եւ եթէ չփրկես, անոր վիզը կտրես։ Քու որդիներուդ մէջ մարդոց ամէն անդրանիկին փրկագին պիտի տաս։
14 Երբ քու որդիդ օր մը՝ ՝ քեզի հարցնէ՝ ‘Ի՞նչ է այս’, անոր պիտի ըսես թէ ‘Տէրը մեզ Եգիպտոսէն՝ ծառայութեան տունէն՝ զօրաւոր ձեռքով հանեց։
15 Երբ Փարաւոն ժողովուրդը արձակել չուզեց, Տէրը Եգիպտոսի երկրին մէջ ամէն անդրանիկ, մարդու կամ անասունի, մեռցուց, անոր համար եւ ամէն արգանդ բացող արուն Տէրոջը զոհ կ’ընեմ ու իմ որդիներուս ամէն անդրանիկի փրկագին կու տամ’։
16 Ասիկա քու ձեռքիդ վրայ նշանի համար ու աչքերուդ մէջտեղ ճակատնոցի համար ըլլայ, վասն զի Տէրը մեզ Եգիպտոսէն զօրաւոր ձեռքով հանեց»։
17 Երբ Փարաւոն ժողովուրդը արձակեց, Աստուած զանոնք Փղշտացիներուն երկրին ճամբայէն չտարաւ, թէեւ այն ճամբան մօտ էր, քանզի Աստուած ըսաւ. «Չըլլայ թէ ժողովուրդը զղջայ, երբ պատերազմը տեսնէ ու Եգիպտոս դառնայ»։
18 Հապա Աստուած ժողովուրդը Կարմիր ծովուն անապատին ճամբայէն պտտցուց ու Իսրայէլի որդիները գունդ գունդ Եգիպտոսի երկրէն ելան։
19 Մովսէս Յովսէփին ոսկորները իրեն հետ առաւ. վասն զի անիկա Իսրայէլի որդիներուն հաստատ երդում ընել տուած էր՝ ըսելով. «Անշուշտ Աստուած ձեզի այցելութիւն պիտի ընէ, այն ատեն իմ ոսկորներս ասկէ ձեզի հետ հանեցէք»։
20 Սոկքովթէն չուեցին ու Ոթոմի մէջ անապատին ծայրը իջեւան ըրին։
21 Տէրը անոնց առջեւէն կ’երթար ցորեկը ամպի սիւնով՝ անոնց ճամբայ ցուցնելու համար ու գիշերը կրակի սիւնով՝ անոնց լոյս տալու համար, որպէս զի ցորեկ ու գիշեր երթան։
22 Ցորեկը ամպի սիւնը ու գիշերը կրակի սիւնը ժողովուրդին առջեւէն չպակսեցուց։