ՅԵՍՈՒԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 24

Յեսու Իսրայէլի բոլոր ցեղերը Սիւքէմի մէջ հաւաքեց ու Իսրայէլի ծերերը, իշխանները, դատաւորները եւ ոստիկանները կանչեց ու անոնք Աստուծոյ առջեւ կեցան։
2 Յեսու բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Առաջ ձեր հայրերը, Աբրահամին հայրը ու Նաքովրին հայրը Թարա, Գետին անդիի կողմը բնակեցան եւ օտար աստուածներ պաշտեցին։
3 Ու ես ձեր հայրը Աբրահամը Գետին անդիի կողմէն առի ու զանիկա Քանանի բոլոր երկրին մէջ պտըտցուցի եւ անոր սերունդը շատցուցի ու Իսահակը անոր տուի։
4 Եւ Իսահակին՝ Յակոբն ու Եսաւը տուի։ Եսաւին Սէիր լեռը ժառանգութիւն տուի։ Յակոբ ու անոր որդիները Եգիպտոս իջան։
5 Մովսէսն ու Ահարոնը ղրկելով Եգիպտոսը զարկի, (ինչպէս անոր մէջ ըրի,) ետքը ձեզ հանեցի։
6 Ուստի ես ձեր հայրերը Եգիպտոսէն հանեցի եւ դուք ծովը եկաք։ Եգիպտացիները կառքերով ու ձիաւորներով մինչեւ Կարմիր ծովը ձեր հայրերուն ետեւէն ինկան։
7 Այն ատեն ձեր հայրերը Տէրոջը աղաղակեցին։ Տէրը ձեր ու Եգիպտացիներուն մէջտեղ խաւար ձգեց ու ծովը Եգիպտացիներուն վրայ բերելով՝ զանոնք ծածկեց։ Ձեր աչքերը Եգիպտոսի մէջ ըրած բաներս տեսան ու շատ ժամանակ անապատին մէջ բնակեցաք։
8 Ետքը ձեզ բերի Յորդանանի անդիի կողմը բնակող Ամօրհացիներուն երկիրը, որոնք ձեզի հետ պատերազմ ըրին։ Զանոնք ձեր ձեռքը տուի ու անոնց երկիրը ժառանգեցիք եւ զանոնք ձեր առջեւէն բնաջինջ ըրի։
9 Ետքը Մովաբի թագաւորը Սեպփօրեան Բաղակ ելաւ ու Իսրայէլի դէմ պատերազմ ըրաւ եւ մարդ ղրկեց Բէովրեան Բաղաամը կանչելու, որպէս զի ձեզ նզովէ,
10 Բայց չուզեցի Բաղաամին մտիկ ընել ու անիկա ընդհակառակը ձեզ օրհնեց։ Անոր ձեռքէն ձեզ ազատեցի։
11 Ետքը Յորդանանէն անցնելով Երիքով եկաք։ Երիքովի բնակիչները՝ Ամօրհացիները, Փերեզացիները, Քանանացիները, Քետացիները, Գերգեսացիները, Խեւացիներն ու Յեբուսացիները ձեզի դէմ պատերազմ ըրին։ Ես զանոնք ձեր ձեռքը տուի։
12 Ձեր առջեւէն իշամեղուներ ղրկեցի, որոնք զանոնք, այսինքն Ամօրհացիներուն երկու թագաւորները, ձեր առջեւէն վռնտեցին։ Ո՛չ քու սրովդ եւ ո՛չ քու աղեղովդ վռնտուեցան։
13 Ձեզի երկիր մը տուի, որուն մէջ դուք չաշխատեցաք եւ քաղաքներ՝ որոնք դուք չշինեցիք, որոնց մէջ կը բնակիք, կ’ուտէք այն այգիներէն ու ձիթենիներէն, որոնք դուք չտնկեցիք’։
14 «Ուստի հիմա Տէրոջմէն վախցէ՛ք եւ անոր հաւատարմութեամբ ու ճշմարտութեամբ ծառայութիւն ըրէք եւ այն աստուածները, որոնց ձեր հայրերը Գետին անդիի կողմը ու Եգիպտոսի մէջ ծառայութիւն ըրին, մէկդի ձգեցէ՛ք եւ Տէրը պաշտեցէ՛ք։
15 Բայց եթէ Տէրոջը ծառայութիւն ընելը ձեզի հաճոյ չերեւնար, ձեզի ընտրեցէք այսօր թէ ո՞վ պիտի պաշտէք՝ Գետին անդիի կողմը ձեր հայրերուն պաշտած աստուածնե՞րը, թէ Ամօրհացիներուն աստուածները, որոնց երկրին մէջ դուք կը բնակիք. բայց ես ու իմ տունս Եհովան պիտի պաշտենք»։
16 Այն ատեն ժողովուրդը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Քա՜ւ լիցի, որ մենք Եհովան թողունք եւ ուրիշ աստուածներ պաշտենք.
17 Քանզի Եհովան՝ ինքն է մեր Աստուածը՝ ՝, որ մեզ ու մեր հայրերը Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն հանեց եւ ինք մեր աչքերուն առջեւ մեծ նշաններ ըրաւ ու մեզ պահեց մեր գացած ճամբուն մէջ եւ բոլոր ազգերուն մէջ, որոնց մէջէն անցանք։
18 Եհովան բոլոր ազգերը ու այս երկրին մէջ բնակող Ամօրհացիները մեր առջեւէն վռնտեց. մենք ալ Եհովան պիտի պաշտենք, որովհետեւ մեր Աստուածը ինքն է»։
19 Յեսու ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք չէք կրնար Եհովան պաշտել, քանզի անիկա սուրբ Աստուած է ու անիկա նախանձոտ Աստուած ըլլալով՝ ձեր յանցանքներն ու մեղքերը չի ներեր։
20 Քանզի երբ Եհովան թողուք ու օտար աստուածներ պաշտէք, այն ատեն պիտի դառնայ ու ձեզի բարիք ընելու տեղ՝ ՝ ձեզ չարչարելով բնաջինջ պիիտ ընէ»։
21 Ժողովուրդը Յեսուին ըսաւ. «Ո՛չ, հապա մենք Եհովան պիտի պաշտենք»։
22 Այն ատեն Յեսու ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք ձեր անձերուն դէմ վկայ էք, որ դուք ձեզի Եհովան ընտրեցիք՝ զանիկա պաշտելու համար։ Ու անոնք ըսին՝ «Վկայ ենք»։
23 Ուրեմն հիմա ձեր մէջ եղած օտար աստուածները վերցուցէ՛ք եւ ձեր սիրտը Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն դարձուցէ՛ք»։
24 Ժողովուրդը Յեսուին ըսաւ. «Մենք մեր Տէր Աստուածը պիտի պաշտենք ու անոր խօսքին պիտի հնազանդինք»։
25 Նոյն օրը Յեսու ժողովուրդին հետ ուխտ ըրաւ ու Սիւքէմի մէջ կանոն ու օրէնք դրաւ։
26 Յեսու այս խօսքերը Աստուծոյ օրէնքներու գրքին մէջ գրեց ու մեծ քար մը առաւ եւ զանիկա Տէրոջը սրբարանին քով եղած բեւեկնիին տակ կանգնեցուց։
27 Յեսու բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Ահա այս քարը մեզի վկայ ըլլայ, քանզի ասիկա Տէրոջը մեզի հետ խօսած բոլոր խօսքերը լսեց. ուստի ասիկա ձեզի վկայ ըլլայ, որպէս զի չըլլայ թէ ձեր Աստուածը ուրանաք»։
28 Ետքը Յեսու ժողովուրդը արձակեց ու ամէն մարդ իր ժառանգութեանը գնաց։
29 Այս բաներէն ետքը Տէրոջը ծառան Նաւեան Յեսու մեռաւ, հարիւր տասը տարեկան ըլլալով։
30 Ու զանիկա իր ժառանգութեանը սահմանին մէջ Գաաս լերան հիւսիսային կողմը՝ Եփրեմի լեռը Թամնաթ-Սարայի մէջ թաղեցին։
31 Յեսուի բոլոր օրերուն մէջ ու Յեսուէն ետքը ողջ մնացող եւ Իսրայէլին համար Տէրոջը ըրած բոլոր գործերը գիտցող ծերերուն բոլոր օրերուն մէջ, Իսրայէլ Տէրոջը ծառայութիւն ըրաւ։
32 Յովսէփին ոսկորները, որոնք Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսէն հաներ էին, Սիւքէմի մէջ թաղեցին՝ ագարակին այն մասին մէջ, որ Յակոբ Սիւքէմի հօրը Եմովրի որդիներէն հարիւր կտոր արծաթի՝ ՝ ծախու առեր էր։ Անիկա Յովսէփի որդիներուն ժառանգութիւնը եղաւ։
33 Ահարոնի որդին Եղիազարն ալ մեռաւ ու զանիկա Եփրեմի լեռը, անոր որդիին Փենէհէսին տրուած բլուրին վրայ թաղեցին։