ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21


Գլուխ 1

Յեսուին մեռնելէն յետոյ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը հարցուցին ու ըսին. «Մեզմէ ո՞վ առաջ Քանանացիներուն վրայ պէտք է ելլէ՝ անոնց հետ պատերազմելու»։
2 Տէրը ըսաւ. «Յուդան թող ելլէ։ Ահա երկիրը անոր ձեռքը տուի»։
3 Յուդան իր եղբօրը Շմաւոնին ըսաւ. «Ինծի հետ իմ երկիրս ելի՛ր ու Քանանացիներուն հետ պատերազմինք։ Ես ալ քեզի հետ քու երկիրդ երթամ»։ Շմաւոն անոր հետ գնաց։
4 Յուդան ելաւ ու Տէրը Քանանացիներն ու Փերեզացիները անոնց ձեռքը տուաւ։ Անոնցմէ Բեզեկի մէջ տասը հազար մարդ կոտորեցին։
5 Բեզեկի մէջ Ադոնիբեզեկը գտնելով անոր հետ պատերազմեցան ու Քանանացիները եւ Փերեզացիները զարկին։
6 Ադոնիբեզեկ փախաւ, բայց անոնք անոր ետեւէն իյնալով զանիկա բռնեցին ու անոր ձեռքերուն ու ոտքերուն մեծ մատերը կտրեցին։
7 Ադոնիբեզեկ ըսաւ. «Ձեռքերնուն ու ոտքերնուն մեծ մատերը կտրուած եօթանասուն թագաւորներ իմ սեղանիս տակ ինկած փշրանքները կը հաւաքէին. ես ինչպէս որ ըսի, Աստուած ալ ինծի այնպէս հատուցում ըրաւ»։ Զանիկա Երուսաղէմ տարին ու հոն մեռաւ։ ՅՈՒԴԱՅԻՆ ՑԵՂԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻՆ ՈՒ ՔԵԲՐՈՆԻՆ ԿԸ ՏԻՐԷ
8 Յուդային որդիները Երուսաղէմին հետ պատերազմ ընելով զանիկա առին ու սուրի բերնէ անցնելով քաղաքը կրակով այրեցին։
9 Անկէ յետոյ Յուդային որդիները վար իջան, որպէս զի լեռնակողմը ու հարաւային կողմը ու դաշտի մէջ բնակող Քանանացիներուն դէմ պատերազմին։
10 Յուդան Քեբրոնին մէջ բնակող Քանանացիներուն վրայ գնաց. (Քեբրոնին անունը առաջ Կարիաթ-Արբա էր.) եւ անոնք Սէսին, Աքիմանը ու Թոլմին զարկին։
11 Անկէ Դաբիրին բնակիչներուն վրայ գնաց. (Դաբիրին անունը առաջ Կարիաթ-Սեփեր էր.)
12 Եւ Քաղէբ ըսաւ. «Ով որ Կարիաթ-Սեփերը զարնէ ու առնէ, իմ աղջիկս Աքսան անոր կնութեան պիտի տամ»։
13 Ուստի Քաղէբին պզտիկ եղբօրը Կենեզին որդին Գոթոնիէլը զարկաւ առաւ զանիկա եւ Քաղէբ իր աղջիկը Աքսան անոր կնութեան տուաւ։
14 Երբ աղջիկը անոր կ’երթար, զանիկա յորդորեց որ իր հօրմէն ագարակ մը ուզէ։ Աղջիկը էշէն վար իջաւ։ Քաղէբ ըսաւ անոր. «Քեզի ի՞նչ եղաւ»։
15 Աղջիկը հօրը ըսաւ. «Ինծի օրհնութիւն տուր։ Ինծի հարաւային երկիր մը տուիր։ Ջուրի աղբիւրներ ալ տուր»։ Ուստի Քաղէբ վերի աղբիւրները ու վարի աղբիւրները տուաւ անոր։
16 Մովսէսին աներոջ Կենեցիին որդիները Յուդային որդիներուն հետ Արմաւենիներուն քաղաքէն Արադին հարաւային կողմը եղող Յուդային անապատը ելան ու գացին ժողովուրդին հետ բնակեցան։
17 Յուդան իր եղբօրը Շմաւոնին հետ գնաց ու Սեփաթի մէջ բնակող Քանանացիները զարկին եւ զանիկա նզովեցին ու այն քաղաքին անունը Հօրմա կոչեցին։
18 Ետքը Յուդայեաններուն Գազան ու անոր սահմանը եւ Ասկաղոնն ու անոր սահմանը առին։
19 Տէրը Յուդային հետ էր ու անիկա լերանը տիրեց, բայց հովիտներուն բնակիչները չկրցաւ վռնտել, քանզի անոնք երկաթէ կառքեր ունէին։
20 Քեբրոնը Քաղէբին տուին, ինչպէս Մովսէս ըսեր էր, որը անկէ Ենակին երեք որդիները վռնտեց։
21 Բենիամինին որդիները Երուսաղէմի մէջ բնակող Յեբուսացիները չվռնտեցին։ Յեբուսացիները Բենիամինին որդիներուն հետ Երուսաղէմի մէջ բնակեցան մինչեւ այսօր։ ԵՓՐԵՄԻՆ ՈՒ ՄԱՆԱՍԷԻՆ ՑԵՂԵՐԸ ԲԵԹԷԼԻՆ ԿԸ ՏԻՐԵՆ
22 Յովսէփին տունն ալ Բեթէլի վրայ ելան ու Տէրը անոնց հետ էր։
23 Յովսէփին տունը Բեթէլը լրտեսեցին. (այն քաղաքին անունը առաջ Լուզ էր.)
24 Եւ պահապանները մարդ մը տեսան, որ այն քաղաքէն կ’ելլէր ու անոր ըսին. «Շնորհք ըրէ՛. քաղաքը մտնելու կողմը մեզի ցուցուր ու քեզի ողորմութիւն ընենք»։
25 Անիկա քաղաքը մտնելու կողմը ցուցուց անոնց։ Քաղաքը սուրի բերնէ անցուցին, բայց այն մարդը եւ անոր բոլոր ազգատոհմը թող տուին։
26 Այն մարդը Քետացիներուն երկիրը գնաց եւ հոն քաղաք մը շինեց ու անոր անունը Լուզ կոչեց։ Մինչեւ այսօր անոր անունը այդ է։
27 Մանասէն Բեթսանը եւ անոր գիւղաքաղաքները, Թանաքն ու անոր գիւղաքաղաքները, Դովրի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները, Յեբղաամի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները, Մակեդդովի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները չզարկաւ եւ Քանանացիները շարունակեցին այս երկրին մէջ բնակիլ։
28 Երբ Իսրայէլ ուժովցաւ, Քանանացիները հարկատու ըրաւ, բայց զանոնք բոլորովին չվռնտեց։
29 Եփրեմն ալ Գազերի մէջ բնակող Քանանացիները չվռնտեց ու Քանանացիները անոր հետ Գազերի մէջ բնակեցան։
30 Զաբուղոն Կեթրոնի բնակիչները եւ Նաաղօլի բնակիչները չվռնտեց ու Քանանացիները անոնց մէջ բնակելով հարկատու եղան։
31 Ասեր Ակքովին բնակիչները՝ Սիդոնի, Աքղաբի, Աքեզիբի, Ելբայի, Ափէկի ու Րոոբի բնակիչները՝ չվռնտեց.
32 Հապա Ասերեանները այն երկիրը բնակող Քանանացիներուն մէջ բնակեցան, որովհետեւ զիրենք չվռնտեցին։
33 Նեփթաղիմ՝ Բեթսամիւսի բնակիչներն ու Բեթանաթի բնակիչները չվռնտեց, հապա այն երկիրը բնակող Քանանացիներուն մէջ բնակեցաւ եւ Բեթսամիւսի ու Բեթանաթի բնակիչները անոր հարկատու եղան։
34 Ամօրհացիները Դանի որդիները լերան վրայ նեղը ձգեցին, քանզի անոնց չթողուցին որ հովիտները իջնեն։
35 Ամօրհացիները հաստատամտութեամբ Հարէս լեռը, Այեղօն ու Սաղաբինի մէջ բնակեցան. բայց երբ Յովսէփին տանը ձեռքը ուժովցաւ, անոնք հարկատու եղան։ Ամօրհացիներուն սահմանը Ակրաբիմի զառիվերէն, Վէմէն վեր էր։
36