ՅՈԲԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42


Գլուխ 22

Այն ատեն Եղիփազ Թեմանացին պատասխանեց.
2 «Միթէ մարդը կրնա՞յ Աստուծոյ օգտակար ըլլալ. Խելացի մարդը միայն իրեն օգտակար կ’ըլլայ։
3 Ամենակարողին հաճոյք կը պատճառէ՞ եթէ արդար ըլլաս, Կամ շահ մը ունի՞ եթէ քու ճամբաներդ շտկես։
4 Միթէ Իրմէ վախնալուդ համար քեզ կը յանդիմանէ՞, Քեզի հետ դատաստանի կը մտնէ՞։
5 Չէ՞ որ քու անզգամութիւնդ մեծ է Ու անօրէնութիւններդ անհամար են։
6 Որովհետեւ եղբայրներէդ առանց պատճառի գրաւ առիր Ու մերկերուն հանդերձները յափշտակեցիր,
7 Ծարաւցածին ջուր չխմցուցիր Ու հացը անօթիէն խնայեցիր։
8 Զօրաւորը կը տիրէ երկրին Ու անոր մէջ պատուաւորը կը բնակի։
9 Որբեւարի կիները դատարկ ղրկեցիր Ու որբերուն թեւերը կոտրտեցան։
10 Անոր համար քու բոլորտիքդ որոգայթներ լարուած են Ու յանկարծահաս վախը քեզ կը զարհուրեցնէ։
11 Կամ այնպիսի խաւար մը քեզ պատեր է, որ չես կրնար տեսնել Ու ջուրերուն շատութիւնը քեզ կը ծածկէ։
12 Աստուած երկնքին խիստ բարձր տեղը չէ՞. Հիմա աստղերուն բարձրութեանը նայէ, ո՜րչափ բարձր են։
13 Ու դուն ըսիր. ‘Ի՞նչ գիտէ Աստուած, Մառախուղին մէջէն դատաստա՞ն պիտի ընէ.
14 Ամպերը անոր առջեւ ծածկոյթ են ու չի տեսներ Եւ անիկա երկնքի կամարին վրայ կը պտըտի’։
15 Ուշադրութիւն ըրի՞ր՝ ՝ այն հին ճամբային՝ ՝, Ուր անօրէն մարդիկը պտըտեցան,
16 Որոնք յանկարծակի յափշտակուեցան, Որոնց հիմերը հեղեղը ընկղմեց։
17 Անոնք կ’ըսէին Աստուծոյ. ‘Հեռացիր մեզմէ’, Ու ‘Ամենակարողը մեզի ի՞նչ կրնայ ընել’։
18 Թէեւ անոնց տունը բարութիւնով լեցուցեր էր, Բայց անզգամներուն խորհուրդը ինծմէ հեռու ըլլայ։
19 Արդարները պիտի տեսնեն եւ ուրախանան Եւ անմեղները զանոնք ծաղր պիտի ընեն՝ ըսելով.
20 ‘Մեր թշնամիները կորսուած են Ու անոնց մնացորդը կրակը կերաւ’։
21 Աղէ՜, Անոր հետ բարեկամ եղիր ու խաղաղութիւն ունեցիր Ու ասիկա քեզի օգտակար կ’ըլլայ։
22 Անոր բերնէն օրէնքը ընդունէ Ու անոր խօսքերը սրտիդ մէջ դիր։
23 Եթէ Ամենակարողին դառնաս եւ խոնարհիս, Եթէ անօրէնութիւնը քու վրաններէդ հեռացնես,
24 Եթէ ոսկին հողին վրայ դնես Ու Ոփիրի ոսկին՝ հեղեղատներու քարերուն վրայ,
25 Եթէ Ամենակարողը քու ոսկիդ է, Քու թանկագին արծաթդ,
26 Այն ատեն Ամենակարողէն ուրախութիւն պիտի ստանաս Ու երեսդ դէպի Աստուած պիտի վերցնես.
27 Անոր պիտի աղաչես ու քեզի պիտի լսէ Եւ քու ուխտերդ պիտի կատարես։
28 Եթէ դիտաւորութիւն մը ունենաս՝ քեզի պիտի յաջողի Ու ճամբաներուդ վրայ լոյս պիտի ճառագայթէ։
29 Տէրը կը խոնարհեցնէ հարուստը, բայց խոնարհները կը պահէ։ Քանզի այն ատեն պիտի ազատէ զանիկա, որ աչքերով խոնարհած էր։
30 Անմեղը պիտի ազատէ Ու քու ձեռքերուդ մաքրութիւնովը պիտի ազատուիս»։