ՅՈԲԱՅ
Գլուխ 25
Բաղդատ Սօքեցին պատասխանեց. 
2 «Իշխանութիւնն ու վախը անոր քով են, Իր բարձր տեղերուն մէջ խաղաղութիւն կ’ընէ։ 
3 Անոր գունդերուն համրանքը կա՞յ արդեօք Ու անոր լոյսը որո՞ւ վրայ չի ծագիր։ 
4 Ուրեմն մարդը ի՞նչպէս պիտի արդարանայ Աստուծոյ առջեւ։ Կնոջմէ ծնածը ի՞նչպէս կրնայ մաքուր ըլլալ։ 
5 Ահա լուսինն ալ լոյս չի տար Ու անոր աչքերուն առջեւ աստղերն ալ մաքուր չեն. 
6 Ալ ո՞ւր կը մնայ մարդը, որ որդ մըն է Ու մարդու որդին՝ որ ճճի մըն է»։