ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 23
Տէրը իմ հովիւս է. Ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ։ 
2 Զիս խոտաւէտ արօտներու մէջ կը պառկեցնէ, Հանդարտ ջուրերու քով ինծի կ’առաջնորդէ։ 
3 Հոգիս կը նորոգէ։ Իր անուանը համար արդարութեան ճամբաներու մէջ կ’առաջնորդէ ինծի։ 
4 Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, Չարէն պիտի չվախնամ, Վասն զի դուն ինծի հետ ես, Քու ցուպդ ու գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն։ 
5 Սեղան կը պատրաստես իմ առջեւս իմ թշնամիներուս դիմաց. Իմ գլուխս իւղով կ’օծես, Իմ բաժակս խիստ լեցուն է։ 
6 Յիրաւի բարերարութիւնն ու ողորմութիւնը ինծի հետ պիտի գան Կեանքիս բոլոր օրերուն մէջ Ու շատ օրեր Տէրոջը տունը պիտի բնակիմ։