ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 4
Կանչելու ատենս ինծի պատասխան տուր, ո՛վ իմ արդարութեանս Աստուածը։ Նեղութեան մէջ զիս ընդարձակեցիր. Ողորմէ՛ ինծի ու լսէ՛ իմ աղօթքս։ 
2 Մարդո՛ց որդիներ, մինչեւ ե՞րբ իմ փառքս ամօթի պիտի դարձնէք Եւ ունայնութիւն պիտի սիրէք ու ստութիւն փնտռէք։ (Սէլա։) 
3 Բայց գիտցէք թէ Տէրը իրեն նուիրուած մարդը որոշեց։ Տէրը պիտի լսէ իրեն կանչելու ատենս։ 
4 Դողացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք. Խօսեցէ՛ք սրտերնուդ հետ ձեր անկողիններուն վրայ ու լռեցէ՛ք։ (Սէլա։) 
5 Արդարութեան զոհեր մատուցանեցէ՛ք, Ու Տէրոջը յուսացէ՛ք։ 
6 Շատեր կ’ըսեն թէ՝ «Ո՞վ մեզի բարութիւն պիտի ցուցնէ»։ Ո՛վ Տէր, քու երեսիդ լոյսը մեր վրայ ծագեցուր։ 
7 Իմ սրտիս ուրախութիւն տուիր՝ Անոնց ցորենին ու գինիին առատութեան ժամանակէն աւելի։ 
8 Խաղաղութեամբ պիտի պառկիմ ու քնանամ, Վասն զի դո՛ւն միայն, Ո՛վ Տէր, զիս ապահովութեամբ կը բնակեցնես։