ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 24
Տէրոջն է երկիրն ու անոր լիութիւնը։ Աշխարհն ու անոր բնակիչները։    
2 Վասն զի ինք անոր հիմերը ծովերուն վրայ ձգեց Ու զանիկա գետերուն վրայ հաստատեց։    
3 Ո՞վ պիտի ելլէ Տէրոջը լեռը, Կամ ո՞վ պիտի կենայ անոր սուրբ տեղը։    
4 Ձեռքերով սուրբը ու սրտով մաքուրը, Որ ստութեան անձնատուր չեղաւ Ու նենգութեամբ երդում չըրաւ.    
5 Անիկա Տէրոջմէն օրհնութիւն պիտի ստանայ Ու իր փրկութեանը Աստուծմէն՝ արդարութիւն։    
6 Զանիկա փնտռողներուն ցեղը այս է. Քու երեսդ խնդրողը Յակոբն է՝ ՝։ (Սէլա։)    
7 Ո՛վ դռներ, գլուխնիդ վեր վերցուցէք Ու վերցուեցէ՛ք, ո՛վ յաւիտենական դռներ, Որպէս զի փառաց Թագաւորը մտնէ։    
8 Ո՞վ է այս փառաց Թագաւորը, Կարող ու հզօր Տէրը, Պատերազմի մէջ հզօր Տէրը։    
9 Ո՛վ դռներ, գլուխնիդ վեր վերցուցէք Ու վերցուեցէ՛ք, ո՛վ յաւիտենական դռներ, Որպէս զի փառաց Թագաւորը մտնէ։    
10 Ո՞վ է այս փառաց Թագաւորը։ Զօրքերուն Տէրը, Ինքն է փառաց Թագաւորը։ (Սէլա։)