ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 57
Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Աստուած, ողորմէ՛ ինծի, Վասն զի իմ անձս քեզի կը յուսայ։ Քու թեւերուդ հովանաւորութեանը պիտի ապաւինիմ, Մինչեւ որ թշուառութիւնները անցնին։    
2 Բարձրեալ Աստուծոյն պիտի աղաղակեմ, Իմ բարերար Աստուծոյս։    
3 Երկնքէն պիտի ղրկէ ու փրկէ՛ զիս Ու զիս կլլել ուզողները պիտի նախատէ. (Սէլա.) Աստուած պիտի ղրկէ իր ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը։    
4 Իմ անձս առիւծներու մէջ է. Բոց փչող մարդոց որդիներուն մէջ կը պառկիմ, Որոնց ակռաները նիզակներ ու նետեր են Եւ անոնց լեզուները սրած թուրեր են։    
5 Ո՛վ Աստուած, երկնքի վրայ բարձրացիր. Քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ թող ըլլայ։    
6 Իմ քայլերուս որոգայթ պատրաստեցին, Անձս խոնարհեցաւ, Փոս փորեցին առջեւս, Բայց իրենք ինկան անոր մէջ։ (Սէլա։)    
7 Սիրտս պատրաստ է, ո՛վ Աստուած, սիրտս պատրաստ է. Պիտի երգեմ ու սաղմոս պիտի ըսեմ։    
8 Արթնցի՛ր, ո՛վ իմ փառքս. Արթնցէ՛ք, ո՛վ տաւիղ ու քնար. Ես կանուխ պիտի արթննամ։    
9 Ո՛վ Տէր, ժողովուրդներուն մէջ քեզ պիտի գովեմ եւ Սաղմոս պիտի երգեմ քեզի ազգերուն մէջ.    
10 Վասն զի մեծ է քու ողորմութիւնդ մինչեւ երկինք Ու քու ճշմարտութիւնդ մինչեւ ամպերը։    
11 Երկնքի վրայ բարձրացիր, ո՛վ Աստուած, Քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ թող ըլլայ։