ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21


Գլուխ 12

Եփրեմին մարդիկը հաւաքուեցան եւ դէպի հիւսիսային կողմը անցան ու Յեփթայէին ըսին. «Ինչո՞ւ համար Ամմոնի որդիներուն հետ պատերազմելու գացած ատենդ մեզ չկանչեցիր, որպէս զի քեզի հետ երթայինք, հիմա մենք ալ քու տունդ քու վրադ կրակով պիտի այրենք»։
2 Յեփթայէն անոնց ըսաւ. «Ես ու իմ ժողովուրդս Ամմոնի որդիներուն հետ մեծ կռիւներ ունեցանք եւ ձեզ կանչեցի, բայց դուք զիս անոնց ձեռքէն չազատեցիք։
3 Ես ալ երբ տեսայ թէ դուք զիս չէք ազատեր, հոգիս ձեռքիս մէջ դնելով Ամմոնի որդիներուն վրայ գացի ու Տէրը զանոնք իմ ձեռքս մատնեց։ Ինչո՞ւ համար դուք այսօր ինծի դէմ պատերազմելու եկաք»։
4 Յեփթայէն Գաղաադի բոլոր մարդիկը հաւաքելով Եփրեմին հետ պատերազմ ըրաւ։ Գաղաադի մարդիկը Եփրեմեանները զարկին. քանզի ըսեր էին թէ «Դուք, Գաղաադացիներդ, Եփրեմի մէջ ու Մանասէի մէջ փախստականներ էք»։
5 Գաղաադացիները Եփրեմին առջեւէն Յորդանանի անցքերը բռնեցին ու երբ Եփրեմէն փախստական մը «Թող տուէք, անցնիմ» ըսէր, Գաղաադի մարդիկը անոր կ’ըսէին. «Եփրեմեա՞ն ես»։ Անիկա «Ո՛չ» կ’ըսէր
6 Եւ անոնք անոր կ’ըսէին. «Ուրեմն Շիպպօլէթ ըսէ»։ Անիկա եթէ Սիպպօլէթ ըսէր, (քանզի չէր կրնար շիտակ արտասանել,) զանիկա կը բռնէին եւ Յորդանանի անցքերուն մէջ կը սպաննէին։ Այն ատեն Եփրեմէն քառասունըերկու հազար մարդ ինկաւ։
7 Եւ Յեփթայէն Իսրայէլի մէջ վեց տարի դատաւորութիւն ըրաւ։ Երբ Գաղաադացի Յեփթայէն մեռաւ, Գաղաադի քաղաքներէն մէկուն մէջ թաղուեցաւ։
8 Անկէ յետոյ Իսրայէլի մէջ Բեթլեհեմացի Աբեսսան դատաւորութիւն ըրաւ։
9 Անիկա երեսուն տղայ ունէր ու երեսուն աղջիկ, որոնք դուրս տուաւ ու դուրսէն ալ իր տղոցը երեսուն աղջիկ ներս առաւ։ Ինք Իսրայէլի մէջ եօթը տարի դատաւորութիւն ըրաւ։
10 Երբ Աբեսսան մեռաւ՝ Բեթլեհէմի մէջ թաղուեցաւ։
11 Անկէ յետոյ Զաբուղոնացի Ելօն Իսրայէլի դատաւոր եղաւ ու Իսրայէլի մէջ տասը տարի դատաւորութիւն ըրաւ։
12 Երբ Զաբուղոնացի Ելօն մեռաւ, Զաբուղոնի երկիրը՝ Այեղոնի մէջ թաղուեցաւ։
13 Անկէ յետոյ Փարաթոնացի Հելլելի որդին Աբդօն Իսրայէլի դատաւոր եղաւ։
14 Անիկա քառասուն տղայ ու երեսուն թոռ ունէր, որոնք եօթանասուն աւանակներու վրայ կը հեծնէին։ Ինք Իսրայէլի մէջ ութը տարի դատաւորութիւն ըրաւ։
15 Երբ Փարաթոնացի Հելլելի որդին Աբդօն մեռաւ, Ամաղեկացիներու լերանը վրայ, Եփրեմի երկիրը, Փարաթոնի մէջ թաղուեցաւ։