ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21


Գլուխ 14

Սամփսոն Թամնաթա իջաւ ու Թամնաթայի մէջ Փղշտացիներու աղջիկներէն կին մը տեսաւ
2 Եւ իր տունը դարձաւ ու իր հօրը եւ մօրը պատմեց ու ըսաւ. «Թամնաթայի մէջ Փղշտացիներու աղջիկներէն կին մը տեսայ, զանիկա ինծի կին առէք»։
3 Անոր հայրն ու մայրը անոր ըսին. «Միթէ քու եղբայրներուդ աղջիկներուն մէջ ու իմ բոլոր ժողովուրդիս մէջ կին չկա՞յ, որ դուն անթլփատ Փղշտացիներէն կին առնելու պիտի երթաս»։ Բայց Սամփսոն իր հօրը ըսաւ. «Զանիկա ինծի առ, քանզի իմ աչքերուս անիկա հաճելի երեւցաւ»։
4 Անոր հայրն ու մայրը չէին գիտեր թէ այս բանը Տէրոջմէն է, քանզի անիկա Փղշտացիներէն առիթ մը կը փնտռէր, քանզի Փղշտացիները Իսրայէլի վրայ կ’իշխէին։
5 Սամփսոնն իր հօրը ու մօրը հետ Թամնաթա իջաւ ու մինչեւ Թամնաթայի այգիները գացին եւ ահա առիւծի կորիւն մը մռնչելով անոր դէմը ելաւ։
6 Տէրոջը Հոգին անոր վրայ գալով՝ Սամփսոն ուլ մը ճեղքելու պէս առիւծը ճեղքեց։ Ձեռքին մէջ բան մը չկար եւ ըրածը իր հօրն ու մօրը չպատմեց։
7 Իջաւ ու կնոջ հետ խօսեցաւ ու կինը Սամփսոնին աչքերուն հաճելի երեւցաւ։
8 Ժամանակ մը ետքը, երբ դարձաւ կինը առնելու, առիւծին դիակը տեսնելու համար իր ճամբայէն խոտորեցաւ եւ առիւծին դիակին մէջ մեղուներու գունդ մը կար եւ մեղր։
9 Մեղրը առաւ եւ ուտելով քալեց ու իր հօրն ու մօրը գնաց։ Անոնց ալ տուաւ ու կերան. բայց անոնց չըսաւ թէ մեղրը առիւծին դիակէն հանեց։
10 Հայրը այն կնոջ քով իջաւ ու Սամփսոն հոն խնճոյք մը ըրաւ, քանզի երիտասարդները այդպէս կ’ընէին։
11 Ու երբ զանիկա տեսան, երեսուն ընկեր բերին, որպէս զի անոր հետ ըլլան։
12 Սամփսոն անոնց ըսաւ. «Հիմա ձեզի հանելուկ մը պիտի ըսեմ. եթէ զանիկա այս խնճոյքին եօթը օրուանը մէջ ինծի բացատրէք ու գտնէք, ես ալ ձեզի երեսուն շապիկ ու երեսուն ձեռք փոխելու հանդերձ պիտի տամ.
13 Բայց եթէ չկարենաք զանիկա ինծի բացատրել, այն ատեն դուք ինծի երեսուն շապիկ ու երեսուն ձեռք փոխելու հանդերձ պիտի տաք»։ Անոնք ըսին. «Քու հանելուկդ մեզի ըսէ՛, որպէս զի լսենք»։
14 Անոնց ըսաւ. «Կերողէն կերակուր ելաւ ու հզօրէն անոյշ ելաւ»։ Անոնք այս հանելուկը երեք օրուան մէջ չկրցան լուծել։
15 Եօթներորդ օրը Սամփսոնին կնոջը ըսին. «Այրդ խաբէ՛, որպէս զի հանելուկը մեզի բացատրէ, որ չըլլայ թէ քեզ ու քու հօրդ տունը կրակով այրենք։ Մեզ թալլելո՞ւ համար կանչեցիք. այնպէս չէ՞»։
16 Սամփսոնի կինը անոր քով լալով՝ ըսաւ. «Անշուշտ դուն զիս կ’ատես ու չես սիրեր. իմ ժողովուրդիս որդիներուն հանելուկ մը ըսիր, բայց ինծի չբացատրեցիր»։ Սամփսոն ըսաւ անոր. «Ահա իմ հօրս ու մօրս ալ չյայտնեցի ու քեզի՞ պիտի յայտնեմ»։
17 Բայց կինը իրենց խնճոյքին եօթը օրուանը մէջ անոր քով լացաւ ու Սամփսոն եօթներորդ օրը անոր բացատրեց, քանզի իրեն նեղութիւն կու տար։ Անիկա ալ իր ժողովուրդին որդիներուն բացատրեց հանելուկը։
18 Քաղաքին մարդիկը եօթներորդ օրը արեւին մտնելէն առաջ անոր ըսին. «Մեղրէն անոյշ ու առիւծէն զօրաւոր ի՞նչ կայ»։ Անիկա ըսաւ անոնց. «Եթէ դուք իմ երինջովս չհերկէիք, իմ հանելուկս չէիք կրնար գտնել»։
19 Տէրոջը Հոգին անոր վրայ եկաւ եւ անիկա Ասկաղոն իջաւ ու անոնցմէ երեսուն մարդ մեռցուց եւ անոնց հանդերձները առաւ ու հանելուկը բացատրողներուն տուաւ եւ սաստիկ բարկանալով իր հօրը տունը դարձաւ։
20 Ու Սամփսոնին կինը անոր փեսայութեան ընկերին տրուեցաւ։