ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21


Գլուխ 20

Այն ատեն բոլոր Իսրայէլի որդիները ելան ու ժողովուրդը մէկ մարդու պէս Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ եւ Գաղաադի երկիրը, Մասփայի մէջ Տէրոջը առջեւ հաւաքուեցան։
2 Բոլոր ժողովուրդին, Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն, գլխաւոր մարդիկը չորս հարիւր հազար սուր քաշող հետեւակ զօրք ըլլալով, Աստուծոյ ժողովուրդին ժողովին ներկայացան։
3 Բենիամինին որդիները լսեցին թէ Իսրայէլի որդիները Մասփա ելեր են։ Իսրայէլի որդիները ըսին. «Մեզի պատմեցէ՛ք թէ այս չարութիւնը ի՛նչպէս եղաւ»։
4 Այն Ղեւտացի մարդը, մեռցուած կնոջ այրը, պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ես ու իմ հարճս Բենիամինի Գաբաան եկանք, որպէս զի գիշերը հոն մնանք։
5 Գաբաայի բնակիչները ինծի դէմ ոտքի ելան ու գիշերով իմ եղած տունս պաշարեցին եւ զիս մեռցնել կ’ուզէին ու իմ հարճս լլկեցին եւ մեռաւ։
6 Ես ալ իմ հարճս առի ու զանիկա կտոր կտոր ըրի եւ Իսրայէլի ժառանգութեանը բոլոր երկիրը ղրկեցի, քանզի անոնք Իսրայէլի մէջ մեծ յանցանք ու անզգամութիւն ըրին։
7 Ահա դուք ամէնքդ ալ Իսրայէլի որդիներ էք, հոս ձեր մէջ խօսեցէ՛ք ու խորհուրդ ըրէ՛ք»։
8 Բոլոր ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ոտքի ելաւ ու ըսաւ. «Մեզմէ բնաւ մէկը իր վրանը պիտի չերթայ ու բնաւ մէկը իր տունը պիտի չդառնայ։
9 Ահա թէ Գաբաայի ինչ պիտի ընենք։ Անոր վրայ վիճակով երթանք
10 Ու Իսրայէլի ամէն ցեղէ հարիւրէն՝ տասը՝ հազարէն՝ հարիւր ու տասը հազարէն հազար մարդ առնենք, որպէս զի ժողովուրդին պաշար տանին։ Անոնք ալ Բենիամինի Գաբաան մտնելով, անոր բնակիչներուն Իսրայէլի մէջ ըրած բոլոր անզգամութեանը փոխարէնը հատուցանեն»։
11 Այն քաղաքին վրայ երթալու համար՝ Իսրայէլի բոլոր մարդիկը մէկ մարդու պէս միաբանութեամբ հաւաքուեցան։
12 Իսրայէլի ցեղերը Բենիամինին ցեղին մարդիկը ղրկեցին ու ըսին. «Այս ի՞նչ չարութիւն է ձեր մէջ եղաւ։
13 Հիմա Գաբաայի մէջ եղող այն չար մարդիկը տուէք, որպէս զի զանոնք մեռցնենք ու չարութիւնը Իսրայէլէն վերցնենք»։ Բայց Բենիամինեանները իրենց եղբայրներուն, Իսրայէլի որդիներուն, խօսքին մտիկ ընել չուզեցին։
14 Բենիամինին որդիները Իսրայէլի որդիներուն դէմ պատերազմ ընելու համար, իրենց քաղաքներէն Գաբաայի մէջ հաւաքուեցան։
15 Այն օրը իրենց քաղաքներէն եկող Բենիամինին որդիները համրուեցան ու քսանըվեց հազար սուր քաշող մարդ գտնուեցաւ, բացի Գաբաայի բնակիչներէն, որոնք եօթը հարիւր ընտիր մարդիկ էին։
16 Այս բոլոր ժողովուրդին մէջ եօթը հարիւր ընտրուած ահեկագործ մարդիկ կային, որոնց ամէնքն ալ պարսատիկով մազի վրայ քար կը նետէին առանց վրիպելու։
17 Իսրայէլի մարդիկն ալ համրուեցան ու Բենիամինէն զատ չորս հարիւր հազար սուր քաշող մարդ գտնուեցաւ, որոնց բոլորն ալ պատերազմող մարդիկ էին։
18 Գացին Բեթէլ։ Իսրայէլի որդիները Աստուծոյ հարցուցին ու ըսին. «Բենիամինին հետ պատերազմելու համար ո՞վ մեզի առաջնորդ ըլլայ»։ Տէրը ըսաւ. «Յուդան առաջնորդ թող ըլլայ»։
19 Իսրայէլի որդիները առաւօտուն ելան եւ Գաբաայի դիմաց բանակեցան։
20 Իսրայելացիները Բենիամինին հետ պատերազմ ընելու ելան եւ Գաբաայի քով անոնց դէմ շարուեցան պատերազմի համար։
21 Բենիամինին որդիները Գաբաայէն ելան եւ այն օրը Իսրայէլէն քսանըերկու հազար մարդ գետինը փռեցին։
22 Ժողովուրդը, այսինքն Իսրայելացիները, ուժովցան եւ նորէն գացին պատերազմելու համար շարուեցան նոյն տեղը, ուր առջի օր շարուեր էին։
23 (Ու Իսրայէլի որդիները ելան եւ Տէրոջը առջեւ մինչեւ իրիկուն լացին ու Տէրոջը հարցնելով՝ ըսին. «Մեր եղբօրը Բենիամինին հետ պատերազմելու համար նորէն ելլե՞նք»։ Տէրը ըսաւ. «Անոր դէմ ելէք»։)
24 Երկրորդ օրը Իսրայէլի որդիները Բենիամինին որդիներուն մօտեցան։
25 Երկրորդ օրը Բենիամինեանները Գաբաայէն անոնց դէմ ելան պատերազմելու համար եւ Իսրայէլի որդիներէն նորէն տասնըութը հազար մարդ գետինը փռեցին։ Ամէնքն ալ սուր քաշող մարդիկ էին։
26 Այն ատեն բոլոր Իսրայէլի որդիները, այսինքն բոլոր ժողովուրդը, ելան Բեթէլ գացին ու հոն Տէրոջը առջեւ նստան լացին եւ այն օրը մինչեւ իրիկուն ծոմ պահեցին ու Տէրոջը առջեւ ողջակէզներ եւ խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին։
27 Իսրայէլի որդիները Տէրոջը հարցուցին. (ու այն օրերը Աստուծոյ ուխտին տապանակը հոն էր
28 Եւ այն օրերը անոր առջեւ Ահարոնեան Եղիազարին որդին Փենէհէս կը կենար.) ու ըսին. «Մեր եղբօրը Բենիամինին որդիներուն հետ պատերազմելու համար նորէն անգամ մըն ալ ելլե՞նք, թէ ետ քաշուինք»։ Տէրը ըսաւ. «Ելէ՛ք, քանզի վաղը զանոնք ձեր ձեռքը պիտի մատնեմ»։
29 Իսրայելացիները Գաբաայի շուրջը դարանակալներ դրին։
30 Եւ Իսրայէլի որդիները երրորդ օրը Բենիամինին որդիներուն վրայ գացին ու նախորդին պէս Գաբաայի դիմացը շարուեցան։
31 Այն ատեն Բենիամինին որդիները ժողովուրդին դէմ ելան եւ քաղաքէն զատուեցան ու նախորդին պէս սկսան ժողովուրդը զարնել ու երեսունի չափ Իսրայելացի մեռցուցին այն ճամբաներուն մէջ, որոնցմէ մէկը Բեթէլ կ’ելլէր ու միւսը՝ դաշտի Գաբաան։
32 Բենիամինին որդիները ըսին. «Ահա անոնք մեր առջեւ առաջին անգամներուն պէս կը կոտորուին»։ Իսրայէլի որդիները ըսին. «Փախչինք ու զանոնք քաղաքէն դուրս ճամբաները հանենք»։
33 Իսրայէլի բոլոր մարդիկը իրենց տեղէն ելան ու Բաալթամարի առջեւ շարուեցան։ Իսրայէլի դարանակալները յանկարծ իրենց տեղէն, Գաբաայի դաշտէն, դուրս ելան։
34 Ու Գաբաայի առջեւ բոլոր Իսրայէլէն տասը հազար ընտրուած մարդ եկան եւ պատերազմը սաստկացաւ ու անոնք չէին գիտեր թէ իրենց վրայ չարիք հասեր է։
35 Եւ Տէրը Իսրայէլի առջեւ Բենիամինը զարկաւ ու այն օրը Իսրայէլի որդիները Բենիամինէն քսանըհինգ հազար հարիւր մարդ կոտորեցին։ Անոնց ամէնքն ալ սուր քաշող մարդիկ էին։
36 Բենիամինին որդիները իրենց յաղթուիլը տեսան։ Քանզի Իսրայելացիները Գաբաայի շուրջը դրած դարանակալներուն ապաւինելով՝ Բենիամինեաններուն տեղի տուին։
37 Եւ դարանակալները շուտով Գաբաայի վրայ յարձակեցան ու դարանակալները չորս կողմը տարածուեցան եւ բոլոր քաղաքը սուրի բերնէ անցուցին։
38 Իսրայելացիները դարանակալներուն հետ ժամանակ մը որոշեր էին, որպէս զի քաղաքէն մեծ կրակով ծուխ հանեն։
39 Այն ատեն Իսրայէլի մարդիկը պատերազմին մէջ փախուստ կեղծեցին ու Բենիամինեանները սկսան Իսրայելացիները զարնել ու երեսուն մարդու չափ մեռցուցին. քանզի ըսին թէ՝ ‘Անտարակոյս անոնք մեր առջեւ առաջին պատերազմին պէս պիտի կոտորուին’։
40 Բայց երբ քաղաքէն կրակին ծուխը սիւնի պէս բարձրանալ սկսաւ, Բենիամինեանները ետեւնին դառնալով՝ տեսան թէ քաղաքին հրդեհը երկինք կ’ելլէր։
41 Երբ Իսրայելացիները նորէն ետ դարձան, Բենիամինեանները ապշեցան մնացին, քանզի տեսան թէ չարիքը իրենց վրայ հասեր էր։
42 Ուստի անոնք Իսրայելացիներու առջեւէն դէպի անապատին ճամբան դարձան. բայց պատերազմը անոնց հասաւ ու քաղաքներէն ելլողները զանոնք մեռցուցին։
43 Ու այսպէս Բենիամինեանները պաշարեցին, զանոնք հալածեցին ու զանոնք դիւրութեամբ մինչեւ Գաբաայի դիմաց արեւելեան կողմը զարկին։
44 Բենիամինէն տասնըութը հազար մարդ ինկաւ։ Ամէնքն ալ զօրաւոր մարդիկ էին։
45 Մնացածները դարձան դէպի անապատը եւ Ռեմօնի վէմը փախան։ Անոնցմէ ճամբաներուն մէջ հինգ հազար մարդ ճռաքաղ եղան եւ զանոնք մինչեւ Գեդոմ հալածելով՝ անոնցմէ երկու հազար մարդ ալ զարկին։
46 Բենիամինէն այն օրը բոլոր ինկածները քսանըհինգ հազար սուր քաշող մարդ էին։ Անոնց ամէնքն ալ զօրաւոր մարդիկ էին։
47 Վեց հարիւր մարդ դարձան ու անապատը, Ռեմօնի վէմը, փախան ու հոն չորս ամիս կեցան։
48 Իսրայելացիները Բենիամինին որդիներուն դառնալով՝ զանոնք սուրի բերնէ անցուցին, քաղաքներուն մէջի մարդոցմէ մինչեւ անասունները ու ինչ որ գտնուեցաւ։ Բոլոր գտնուած քաղաքներն ալ կրակով այրեցին։