ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21


Գլուխ 15

Ժամանակէ մը ետքը ցորենի հունձքի օրերը՝ Սամփսոն այծերէն ուլ մը առաւ ու իր կնոջ այցելութեան գնաց ու ըսաւ. «Ներքին սենեակին մէջ կնոջս քով պիտի մտնեմ», բայց կնոջը հայրը զայն չթողուց որ մտնէ։
2 Անոր հայրը ըսաւ. «Իրաւցընէ կարծեցի թէ դուն զանիկա բոլորովին ատեցիր ու զանիկա քու ընկերիդ տուիր. ահա անոր պզտիկ քոյրը անկէ գեղեցիկ է, հիմա անոր տեղ անիկա քեզի ըլլայ»։
3 Սամփսոն անոնց ըսաւ. «Այս անգամ Փղշտացիներէն անպարտ պիտի ըլլամ, եթէ անոնց չարութիւն մը ընեմ»։
4 Սամփսոն գնաց երեք հարիւր աղուէս բռնեց եւ ջահեր առաւ։ Աղուէսները պոչ պոչի կապեց ու երկու պոչերուն մէջտեղ ջահ մը դրաւ։
5 Ջահերը կրակով բռնկեցնելէն յետոյ՝ զանոնք Փղշտացիներուն հունձքին մէջ ձգեց ու դիզուած եւ չկտրուած հունձքերն ու մինչեւ անգամ այգիներն ու ձիթենիները այրեց։
6 Փղշտացիները ըսին. «Այս բանը ո՞վ ըրաւ»։ Ու ըսին. «Թամնաթացիին փեսան Սամփսոն. քանզի անոր կինը առաւ՝ անոր ընկերին տուաւ»։ Փղշտացիները ելան եւ կինն ու անոր հայրը կրակով այրեցին։
7 Իսկ Սամփսոն անոնց ըսաւ. «Թէեւ դուք այսպէս ըրիք, բայց ես վրէժս պիտի առնեմ ձեզմէ ու ետքը պիտի դադարիմ»։
8 Եւ զանոնք սրունքէն մինչեւ երանքը զարկաւ ու իջաւ Ետամ խոռոչը բնակեցաւ։
9 Փղշտացիները ելան ու Յուդայի դէմ բանակեցան ու Լեքիի մէջ տարածուեցան։
10 Յուդայեանները ըսին. «Ինչո՞ւ համար մեր վրայ ելաք»։ Անոնք ալ ըսին. «Սամփսոնը կապելու ելանք, որպէս զի մեզի ըրածին պէս մենք ալ անոր ընենք»։
11 Յուդայէն երեք հազար մարդ Ետամ ապառաժին խոռոչը իջան եւ Սամփսոնին ըսին. «Չե՞ս գիտեր թէ փղշտացիները մեր վրայ կ’իշխեն. ինչո՞ւ համար այս բանը մեզի ըրիր»։ Անիկա անոնց ըսաւ. «Անոնք ինծի ինչպէս ըրին, ես ալ անոնց այնպէս ըրի»։
12 Անոր ըսին. «Մենք իջանք որ քեզ կապենք ու Փղշտացիներուն ձեռքը տանք»։ Սամփսոն անոնց ըսաւ. «Ինծի երդում ըրէք, թէ դուք զիս պիտի չմեռցնէք»։
13 Եւ անոնք անոր ըսին. «Ո՛չ, քեզ պիտի չմեռցնենք, բայց քեզ պիտի կապենք ու անոնց ձեռքը տանք»։ Զանիկա երկու նոր չուանով կապեցին եւ ապառաժէն դուրս հանեցին։
14 Երբ անիկա մինչեւ Լեքի գնաց, Փղշտացիները աղաղակելով զանիկա դիմաւորեցին։ Տէրոջը Հոգին անոր վրայ գալով՝ անոր թեւերուն վրայ եղող չուանները կրակով այրուած քթանի պէս եղան ու կապերը ձեռքերէն քակուեցան։
15 Իշու ծնօտ մը գտաւ, որ դեռ չորցած չէր ու ձեռքը երկնցուց զանիկա առաւ եւ անով հազար մարդ մեռցուց։
16 Սամփսոն ըսաւ. «Իշու ծնօտով դէզ դէզ ձգեցի զանոնք, իշու ծնօտով հազար մարդ մեռցուցի»։
17 Ու երբ իր խօսքը լմնցուց, ծնօտը ձեռքէն նետեց եւ այն տեղին անունը Ռամաթ-Լեքի կոչեց։
18 Եւ խիստ շատ ծարաւնալով՝ Տէրոջը աղաղակեց ու ըսաւ. «Դուն քու ծառայիդ ձեռքով այս մեծ փրկութիւնը յաջողցուցիր. հիմա ծարա՞ւ մեռնիմ, կամ անթլփատներուն ձե՞ռքը իյնամ»։
19 Աստուած Լեքիի մէջ եղած փոսը բացաւ ու անկէ ջուր ելաւ եւ Սամփսոն խմեց ու ոգին իրեն դարձաւ եւ ապրեցաւ. անոր համար անոր անունը Ենգօրէ ըսուեցաւ, որ Լեքիի մէջ է մինչեւ այսօր։
20 Սամփսոն Փղշտացիներուն օրերուն Իսրայէլի մէջ քսան տարի դատաւորութիւն ըրաւ։